2015-09-30 11:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը Քուպա,ԱՄՆ,ՄԱԿ առաքելութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 30 սեպտեմբեր 2015-ին, Քուպա, ԱՄՆ եւ ՄԱԿ կատարած առաքելական ճամբորդութենէն վերադարձին, Նորին Սրբութիւնը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։ Անդրադառնալով վերոնշեալ առաքելական ճամբորդութեան ''որուն կազմակերպութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը – ծնունդ առաւ Ֆիլատելֆիյաի մէջ կայացած Ընտանիքներու 8-րդ Համաշխարհային հաւաքին մասնակցելու կամքէն''։

Այս սկզբնական գաղափարը ընդլայնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի առաքելական այցելութեամբ որուն աւելցաւ ապա Քուպան։

Դարձեալ կ՛ուզեմ իմ երախտագիտութիւնս յայտնել Նախագահ Քասթրոյին, Նախագահ Օպամային ու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար` Պան Քի Մունին, ինծի վերապահած հիւրընկալութեան։ Սրտանց շնորհակալ եմ նաեւ իմ եղբայրակից եպիսկոպոսներուս ու բոլոր անոնց համագործակիցներուն, վեհանձն աշխատանքին համար ու Եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց սիրոյն համար։

Ողորմութեան առաքեալ, այսպէս է որ ներկայացայ Քուպա, երկիր մը հարուստ բնական հարստութիւններով, մշակոյթով ու հաւատքով։

Աստուծոյ ողորմութիւնը աւելի մեծ է որեւէ վէրքէ, որեւէ հակամարտութենէ, որեւէ գաղափարախօսութենէ։ Ու այս ողորմութեան հայեացքով կարողացայ ողջագուրել համայն Քուպայի ժողովուրդը, ըլլայ Քուպայի մէջ ըլլայ արտերկիր գտնուողները, բոլոր բաժանումներէ անդին։ Քուպայի խոր միութեան հոգիին տիպարն է Քոպրէյի ''Վիրկէն Տէ Լա Քարիտատ''ը եղբայրսիրութեան  Տիրամայրը որ հարիւր տարիներ առաջ հռչակուեցաւ Քուպայի պաշտպան սրբուհի։  Որպէս ուխտաւոր այցելեցի Յոյսի այս մօր սրբավայրը, Մայրը որ կ՛առաջնորդէ արդարութեան, խաղաղութեան եւ ազատութեան ու հաշտութեան  ճանապարհով։

Քուպացի ժողովուրդին հետ բաժնեկցեցայ յոյսը ականատես ըլլալով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մարգարէութեան` ''թող Քուպան բացուի աշխարհին եւ աշխարհը Քուպային''։

Առանց շրջափակումներուն եւ աղքատութեան շահագործումի այլ արժանապատուութեան մէջ ազատութիւն։ Այս է ճանապարհը որ կը ցնցէ Քուպայի երիտասարդներու սիրտը։ Ճանապարհ մը որ իր ուժականութիւնը կը գտնէ այս ժողովուրդին քրիստոնէական արմատներուն մէջ, որ շատ տառապեցաւ։ Թող Սուրբ Հոգին, Ամենասուրբ Մարիամի բարեխօսութեամբ, աճեցնէ սերմը զոր ցանուեցաւ։

Քուպայէն դէպի Միացեալ Նահանգներ։ Այս անցքը եղաւ խորհրդանշական, կամուրջ մը որ Աստուծոյ օգնութեամբ կը կառուցի։ Աստուած կ՛ուզէ միշտ կամուրջներ կերտել, մենք ենք որ պատեր կը կառուցենք։ Միացեալ Նահանգներու ճամբորդութիւնս ունեցաւ երեք հանգրուաններ` Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք եւ Ֆիլատելֆիա։

Ուաշինկթընի մէջ հանդիպեցայ քաղաքական իշխանութիւններուն, հաւատացեալներուն, եպիսկոպոսներուն, աղքատներուն ու մեկուսացեալներուն։ Անոնց յիշեցուցի թէ երկրի ամենամեծ հարստութիւնը այդ երկրին հոգեւոր եւ բարոյական ժառանգութիւնն է ու քաջալերեցի զանոնք յառաջ տանելու ընկերութեան կերտումի աշխատանքը, անոր հիմնական սկզբունքի վրայ որ է ամէն մարդիկը իրարու հաւասար ստեղծուած են Աստուծմէ, օժտուած անքակտելի իրաւունքներով ինչպէս կեանքը ազատութիւն եւ երջանկութեան ձգտումը։

Այս արժէքները Աւետարանին մէջ կը գտնեն իրենց լիացումը, ինչպէս առիթը ունեցայ ընդգծելու Քալիֆորնիայի Աւետարանիչ` Հայր Եունիփերօ Սերրայի սրբադասման արարողութեան ընթացքին։ Հայր Սերրան ցոյց կու տայ երջանկութեան ճանապարհը, երթալ եւ ուրիշներուն հետ բաժնեկցիլ Քրիստոսի Սէրը։ Այս է քրիստոնեային ճանապարհը ու ամէն անհատի ճանապարհը որ սէրը ճանչցաւ։

Նիւ Եորքի մէջ առիթը ունեցայ այցելելու ՄԱԿի կեդրոնատեղին հանդիպումներ ունենալով Ընդհանուր Քարտուղարին ու Ընդհանուր ժողովին ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան խորհուրդի նախագահներուն հետ։ ՄԱԿ-ին ուղղած պատգամիս մէջ, իմ նախորդներուս հետքերով, նորոգեցի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քաջալերանքը այս հաստատութեան դերակատարութեան ի սպաս զարգացումի եւ խաղաղութեան, յատկապէս անդրադառնալով արարչագործութեան խնամակալութեան ի սպաս յանձնառումին։

Վերահաստատեցի նաեւ կոչը կասեցնելու բռնութիւնները հոգեւոր ու ցեղային փոքրամասնութիւններու դէմ ու քաղաքացիական բնակչութեան դէմ։

Ապա Կռաունտ Զիրոյի մէջ, այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ միասին, եւ Նիւ Եորքի բնակչութեան ու զոհուածներու ընտանիքներուն հետ միասին միասնաբար աղօթեցինք Խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համար, ապա խաղաղութեան եւ արդարութեան համար պատարագ մատուցանեցնի Մատիզոն Սքուէր Կարտէն մարզադաշտին մէջ։

Ըլլայ Ուաշինկթընի մէջ, ըլլայ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպեցայ բարեգործական ու դաստիարակչական հաստատութիւններուն, որոնք կը յատկանշեն կաթողիկէ հաստատութիւններու ծառայութեան վսեմ գործունէութիւնը։

Ճամբորդութեանս գագաթնակէտ հանգրուանը հանդիսացաւ Ֆիլատելֆիայի մէջ ընտանիքներու հաւաքը որուն հորիզոնը ընդլայնուեցաւ համայն աշխարհ։ Ընտանիքը, այսինքն այդ դաշինքը ընդմէջ այր ու կնոջ, մեր աշխարհի ամենամեծ մարտահրաւէրին պատասխանն է, որովհետև ան ընկերութեան բջիջն է որ կը հաւասարակշռէ անձնական ու հասարակական չափանիշը ու միեւնոյն ժամանակ կը դառնայ տիպար արարչագործութեան  կենսամիջոցներու ու բարիքներու կայուն կառավարման։ Ընտանիքը հիմնական դերակատարն է ամբողջական բնապահպանութեան, որովհետեւ ընկերութեան առաջին ենթական է որ իր մէջ ունի երկու սկզբունքներ որոնք կը կազմեն մարդկային քաղաքակրթութեան հիմը։  Հաղորդութեան սկզբունքը եւ պտղաբերութեան սկզբունքը։

Հրապարակային ունկնդրութեան ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆիլատելֆիայի Արքեպիսկոպոսին գերապայծառ Շափութին անոր յանձնառումին, գթութեան, ու խանդավառութեան համար ինչպէս նաեւ անոր` Ընտանիքին հանդէպ ցուցաբերած սիրոյն՝ հաւաքի կազմակերպութեամբ։ Ան ապա մաղթանք յայտնեց որ կրօնական արմատներուն վրայ հիմնուելով վերաքննուի ու փոխուի զարգացումի տիպարը ու ըլլայ ի սպաս համայն մարդկային ընտանիքի բարիքին։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջունելով Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի ջերմեռանդ ուխտաւորները` որոնք Սուրբ Պետրոս ժամանած են Սրբուհի Ռիթայի հսկայական արձանի օրհնութեան արարողութեան առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.