2015-09-30 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը խումը մը հաշմանդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբերին  առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մալթայի կարգի պատկան չորս հարիւր հաշմանդամներու ու անոնց ընկերացողներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով հիւանդներուն ըսաւ ՝՝օդի վատթարացման պատճառաւ նախընտրեցինք որ՝ դուք հոս՝ փակ սրահին մէջ գտնուիք եւ  մեծ պաստառի միջոցաւ հեռարձակուած՝ իմ ընդհանուր  ունկդրութեանս  հետեւիք. հաճեցէք աղօթել ինծի համար ։՝՝

Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց թէ  ՝՝Հիւանդութիւնը քէշ իրողութիւնը մըն է. Սակայն – ըսաւ Ան - կայ հաւատքը`հաւատքը որ մեզ կը քաջալերէ, եւ կայ նաեւ բոլորիս ունեցած մտածումը, թէ  Աստուած հիւանդացաւ մեզի համար, այսինքն ղրկեց իր Զաւակը, որ իր վրան կրեց մեր բոլոր հիւանդութիւնները՝ մինչեւ Խաչ։  Նայելով Յիսուսին՝ իրեն համբերութեամբ, մեր հաւատքը կը զօրանայ։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հաստատեց թէ  ''Յիսուսը  գիտէ թէ ի՞նչ կը նշանակէ տառապանքը, Ան մեզ կը հասկնայ, մեզ կը մխիթարէ եւ ուժ կը ներշնչէ''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը,  հայցելով որ Տէրը ընկերանայ ներկաներուն ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Ողջոյն քեզ մարիամ աղօթքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.