2015-09-30 09:40:00

Նախագահ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած Է Իտալիոյ եւ Շուէտի վարչապետներուն հետ


ԵՐԵՒԱՆ.– Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի հետ:

Անոնք քննարկած են հայ-իտալական քաղաքական երկխօսութեան եւ առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան օրակարգի հարցեր, անդրադարձած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան:

Զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծած են, որ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջպետական կապերը մնայուն կերպով զարգացած են փոխըմբռնման ոգիով, սակայն, անոնց կարծիքով, երկու երկիրներու ներուժը առիթ կու տայ առաւել սերտացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հայաստանի նախագահը եւ Իտալիոյ վարչապետը կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ կայուն քաղաքական երկխօսութեան ծաւալումը, որուն մեծապէս կրնան նպաստել յաճախակի փոխայցելութիւնները։ Այդ պարունակին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ջերմութեամբ յիշած է Ապրիլին Իտալիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնն ու Իտալիոյ նախագահին հետ ունեցած բովանդակալից հանդիպումը:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, թէ միացեալ ջանքերով երկու երկիրները կրնան որակական նոր մակարդակի բարձրացնել հայ-իտալական միջպետական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ համագործակցութիւնը Եւրոպական միութեան ծիրին մէջ:

Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Իտալիան Հայաստանի համար կարեւոր է նաեւ որպէս ԵՄ առաջատար երկիր, որուն հետ համընդգրկուն համագործակցութեան զարգացումը կը շարունակէ ծանրակշիռ հանգամանք ունենալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ:   Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Իտալիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստան-ԵՄ ընթացիկ օրակարգի իրականացման:

Երկուստեք կարեւոր նկատած են նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան նշանակութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Նշելով, որ հայ-իտալական օրակարգի կարեւորագոյն բաղկացուցիչներէն մէկը առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններն են, զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ վերջին 4 տարուան ընթացքին, հակառակ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը մեծապէս աւելցած է: Աւելին՝ նախորդ տարուան ցուցանիշով, Իտալիան ԵՄ երկիրներու կարգին Հայաստանի երկրորդ առեւտրական գործընկերն է (Գերմանիայէն ետք): Ասիկա կը վկայէ, որ աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու կայ լուրջ ներուժ, որուն ուղղութեամբ անհրաժեշտ է աշխոյժ ջանքեր ներդրել:

Հայաստանի նախագահը եւ Իտալիոյ վարչապետը անդրադարձած են տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանին եւ առկայ խնդիրներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ որպէս բարեկամ երկիր՝ Հայաստանի համար կարեւոր է Իտալիոյ մնայուն հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Շուէտի վարչապետ Ստեֆան Լէովենի հետ՝ բարձր գնահատելով հայ-շուէտական համագործակցութիւնը, որ, ըստ անոր, վերջին տարիներուն մեծ զարգացում արձանագրած է՝ յատկանշուելով արտաքին գործոց նախարարներու աշխոյժ երկխօսութեամբ, դեսպանութիւններու բացմամբ, բազմաբնոյթ փոխայցելութիւններով։

Հայաստանի նախագահը եւ Շուէտի վարչապետը հայ-շուէտական համագործակցութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ վերապահած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն եւ փոխգործակցութեան:   Նախագահը Շուէտի դերակատարութիւնը կարեւոր նկատած է որպէս Արեւելեան գործընկերութեան համահեղինակ երկիր՝ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման անհրաժեշտութեան՝ ընդգծելով, որ այդ ոլորտին մէջ արձանագրուած ցուցանիշները այսօր, ցաւօք, տակաւին չեն համապատասխաներ Հայաստանի եւ Շուէտի տնտեսական փոխգործակցութեան առկայ մեծ ներուժին, որուն ամբողջական բացայայտման համար անհրաժեշտ է պետական մակարդակով խթանել փոխադարձ կապերը, տեղեկատուութեան փոխանակումը, ձեւաւորել իրաւական լիարժէք կորիզ, կազմակերպել գործարար համաժողովներ:

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Շուէտի հաւասարակշռուած մօտեցումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերուն:

Սերժ Սարգսեան եւ Ստեֆան Լէովեն կարեւոր նկատած են բարեկամ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.