2015-09-30 11:02:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Փնտռել ՜՜իսկական՝՝ հանգիստը....

Հանգիստի մասին ամէն մարդ կը մտածէ: Ամրան արձակուրդներու ընթացքին երկրէ երկիր ճամբորդողներուն որոշ մէկ տոկոսը հանգստանալու կ՛երթայ, ծովափնեայ քաղաքներուն նախընտրութիւն տալով: Սովորականէն, առօրեայէն դուրս գալու եւ գործի ասպարէզէն պահ մը խզուելու գերագոյն ճիգ թափելով, մարդիկ կը փորձեն վայելել հանգիստը, արձակուրդ տալով ծանրաբեռնուած ուղեղին:

Անշուշտ կան անձեր, որոնք չե՛ն հաւատար այս տեսակ հանգիստին: Յատկապէս անոնք, որոնք արեւելեան մտածողութեան տէր են ու տակաւին չեն հասկցած հանգիստին ունեցած տեղն ու կարեւորութիւնը մարդկային կեանքի հեւքին մէջ, կը կարծեն թէ ատիկա ժամանակի կորուստ է պարզապէս:

Հանգիստի կարեւորութեան չհաւատացողներու խումբին մաս կը կազմեն նաեւ նիւթապէս անբաւարար անձինք, որոնք կը փորձեն ներքնապէս համոզում գոյացնել, թէ հանգիստը աւելորդ է, մարդ պէտք է միշտ աշխատի։  Ինքնախաբէութիւն է ասոնց ըրածը անշուշտ, եւ մեզի կը յիշեցնէ  առակին այն աղուէսը, որուն դունչը երբ խաղողին չի՛ հասնիր, կ՛ըսէ թէ թթու է:

Հանգստանալու գացողներու շարքերուն մէջ կը գտնուին նաեւ անձեր, որոնք թէպէտ կը վայելեն հանգիստը, սակայն միտքով միշտ դէպի ետ՝ դէպի իրենց գործը կը նային, մտածելով, որ հանգիստի յատկացուած օրերը խիստ նեղ են ու սահմանափակ եւ ահա շուտով պիտի սպառին: Ուրեմն, սա հաշուով, հանգստացողներուն միջեւ հսկայ տարբերութիւններ կը գտնենք, եթէ իրարու հետ բաղդատենք անոնց հոգեկան ծալքերուն մէջ գտնուող զգացումները:

Քաղաքէն կամ երկիրէն դուրս մեկնողներուն պարագային, այսինքն ճամբորդութեամբ ժամանակաւորապէս հեռացողներու մասին հին կարծիքը՝ միշտ հանգստանալու գաղափարը ունէր իր մէջ: Այսինքն, մնացողները միշտ երանի կու տային անոր, որ կը ճամբորդէր, նոյնիսկ եթէ այդ ճամբորդութիւնը գործի համար էր: Արեւմուտքի մէջ «գործի ճամբորդութիւն» եւ «արձակուրդ» յստակ զատորոշումներ ունին: Մինչ Արեւելքի մէջ ոեւէ անձի ճամբորդութեամբ բացակայութիւնը, մինչեւ այսօր ալ որոշ շրջանակներու մէջ արձակուրդի եւ հանգիստի իմաստը ունի: Ճամբորդութեան պատրաստուողին երանի տալով, մնացողները բաւարար կը համարեն անոր գէթ առօրեայ միջավայրէն հեռանալը, զոր ձեւով մը «հանգիստ» կը նկատեն:

Արդարեւ՝ որոշ իմաստով իրաւունք ունին անոնք, որովհետեւ առօրեայէն խզուիլը նաեւ գէթ ժամանակաւոր խզումն է շրջապատի մարդոցմէ: Ուրեմն, շրջապատէն հեռանալը որոշ իմաստով այդ մարդոցմէ հեռանալ կը նշանակէ որոշ ժամանակի համար:

Հեռանալը ընդհանրապէս մօտենալ է… Նոյնիսկ հանգիստի համար իրենց գործատեղիէն հեռացողներ, արձակուրդի օրերու աւարտին ձգողական անբացատրելի զգացումով երբեմն կը վերադառնան իրենց աշխատանքին, եւ նոյնիսկ ետ մնացած բազմաթիւ գործերու դէզերուն մէջ կը մխրճուին յատուկ հաճոյքով, անոնց տակ կքելու պատրաստակամ ոգիով։

Իսկական հանգիստի մասին աւագ սերունդը կը մտածէ, որ աշխարհի վրայ բացարձակ հանգիստ չկայ մարդ էակին համար: Ու իր կեանքի վերջալոյսին կը գիտակցի, թէ հանգստութիւն կարելի չէ՛ վայելել, եթէ մարդու սիրտն ու խիղճը հանգիստ չեն: Ուրեմն, անիմաստ է հանգիստ տեղ փնտռելը, եթէ ներքին հանգստութիւն գոյութիւն չունի մարդուն մէջ:

Հանգիստ մի՛ փնտռեր, եթէ սիրտդ ու խիղճդ խաղաղ չեն: Որովհետեւ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ անկիւն, նոյնիսկ Երկիր մոլորակէն դուրս որեւէ ուրիշ բնակելի աշխարհի վրայ, պիտի չգտնես տեղ մը, ուր կարենաս հանգստութիւն վայելել:

Ուրեմն, նայէ, որ հոգեկանդ մաքուր ըլլայ որպէսզի հանգիստ միտքով պառկիս այնտեղ ուր կը գտնուիս...








All the contents on this site are copyrighted ©.