2015-09-29 09:17:00

Փակում՝ Հայր Վարդան Գազանճեանի Քրիստոնէականի հանդիպումներուն


Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ փակման հաւաքը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի “Քրիստոնէականի Հանդիպումներ”ուն, որոնք սկսած էին ընթացիկ տարուան Յունիս 23-ին, առ ի նախապատրաստութիւն Գթութեան տարուան:

Կեդրոնի տնօրէն Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան երեք  ամիսներու վրայ տարածուած եւ 12 մասերէ բաղկացած դասախօսական այս շարքով ներկայացուց գթութեան քրիստոնէական հասկացութիւնը, անոր իմաստն ու խորհուրդները՝ Աւետարանի վկայութիւններուն ընդմէջէն: Հանդիպումները տեղի ունեցան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, գործակցաբար ժողովրդապետութեան: Հանդիպումներուն մնայուն մասնակիցներու թիւը կազմեց շուրջ 65 հոգի:

Փակման հաւաքը զգեցաւ Աղօթքի երեկոյի բնոյթ: Անոր ընթացքին ընթերցուեցան հատուածներ՝ Աւետարանէն եւ Գթութեան տարուան առիթով Ֆրանչեսկոս քահանայապետի “Գթասրտութեան դէմքը”   հովուական թուղթէն, ինչպէս նաեւ դիտաւորական խօսքեր. հնչեցին կրօնական երգեր եւ աղօթքներ: Հաւաքին ներկայ եղան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ Սապէ, եկեղեցւոյ փոխ-ժողորդապետները, Զմմառեան միաբաններ եւ ժառանգաւորներ:

Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Հայր Վարդան վեր բերաւ գթութիւնը միշտ կիրառումի ենթարկելու կարիքն ու անհրաժեշտութիւնը, որպէս քրիստոնեայ մարդու կեանքի ամէնաէական նկարագիր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ անոնց, որոնք օժանդակեցին հանդիպումներու կայացման: Հայր Վարդան հաղորդեց, որ ընթացիկ տարուան Դեկտեմբեր 8-ին պիտի կայանայ առաւել ընդլայնուած հաւաք մը, նշելու համար Գթութեան տարուան սկիզբը՝ Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ:

Սոյն երեկոյին, հանդիպումներու մասնակցութեան վկայագիրներ ստացան 35 հաւատացեալներ, որոնք նուազագոյն բացակայութիւններով ներկայ եղած էին 12 հանդիպումներուն:

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի դասախօսութիւնները սփռուին Նուր ալ Շարք կայանի Լոյս Զուարթ յայտագիրէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.