2015-09-29 09:21:00

Սուրիոյ մէջ մեր զինուորական ներկայութիւնը հիմնուած է ՄԱԿի ուխտին վրայ. Փութին


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք մեկնելուն նախօրեակին, ամերիկեան շարք մը պատկերասփիւռի կայաններու տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ իր երկիրը կը ճանչնայ օրինականութիւնը Սուրիոյ բանակին, որ կ՛ենթարկուի միայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրամաններուն։
Փութին նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութիւնը հիմնուած է ՄԱԿի ուխտին վրայ, եւ սուրիական կառավարութեան պահանջին հիմամբ կատարուած է:
Ան շեշտեց, թէ ռուսական գործողութիւններուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ չէզոքացնել նաեւ Ռուսիայէն եւ նախկին Խորհրդային Միութենէն Սուրիա մեկնած այլ ահաբեկիչներ, որոնք իրենց հայրենիքը վերադառնալով՝ ապահովական լուրջ սպառնալիք պիտի հանդիսանան։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահական պալատը Սեպտեմբեր 27ին յայտարարեց, որ Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ իր առաջին օդային յարձակումը կատարած է Սեպտեմբեր 27ին: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ աւելցուց, որ ֆրանսական յարձակումը թիրախ դարձուցած է Տէր Զօրի մէջ մարզումի ճամբար մը եւ որ իր երկիրը յառաջիկայ շաբաթներուն օդային յաւելեալ յարձակումներ պիտի գործէ Սուրիոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.