2015-09-29 12:15:00

Ռատիովատիկանի յայտագիրներու նոր տնօրէնի անուանում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 29 սեպտեմբեր 2015-ին Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Միքայէլ, Ռաֆայէլ, ու Գաբրիէլ հրեշտակապետերու տօնին առթիւ, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Անտրէյ Մայեվսքին անուանեց Ռատիովատիկանի յայտագիրներու նոր տնօրէն։ 

Ան կը յաջորդէ Հայր Անտրէյ Քոբրովսքիին որ 10 տարիներ ամբողջ պաշտօնավարած է որպէս Ռատիովատիկանի յայտագիրներու տնօրէն։

Յայտնենք որ Գաբրիէլ հրեշտակապետը է նաեւ Ռատիովատիկանի պաշտպան սուրբը առ այդ այսօր` 29 սեպտեմբերի առաւօտեան 9,30-ին, Ռատիովատիկանի կեդրոնատեղիին Աւետման մատրան մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ զոր նախագահեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փարոլինը մասնակցութեամբ Ռատիովատիկանի ընտանիքին։

Սուրբ զոհի աւարտին, սովորութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն եւ հիւրընկալութիւն որուն ընթացքին ապա Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յանուն Ռատիովատիկանի անձնակազմին, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Անտրէյ Քոբրովսքիին անոր տածած ժրաջան աշխատանքին ու գործունէութեան որպէս Ռատիոկայանի յայտագիրներու տնօրէն` ''ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ուր ականատես եղանք հաղորդամիջոցներու աշխարհի յեղաշրջումին'' անոր մաղթելով ապա բեղուն առաքելութիւն իր նոր առաքելավայրին մէջ` Լեհաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.