2015-09-28 12:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Քրաքովիայի երիտասարդներու 31-րդ Հաւաքին առթիւ ուղղած պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016ի յուլիսին, Քրաքովիայի մէջ (Լեհաստան) տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան միջազգային 31րդ հանդիպումը, որ իբր բնաբան կ՛առնէ Յիսուսի խօսքը՝ “Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն”։ (Մտթ Ե. 7) Այս հանդիպման իբր պատրաստութիւն՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամը մը ուղղած է երիտասարդութեան։ Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը կը շեշտէ, թէ Աստուծոյ ուրախութիւնը ներողամտութեան մէջ է։ Արդէն իր նախորդ պատգամներուն մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ կենդրոնացած էր Սուրբ Աւետարանի Երանելիներուն վրայ։ Իսկ այս վերջին պատգամին մէջ, շեշտելով ողորմածութեան վրայ, կը նշէ թէ ողորմածութիւն՝ չի նշանակեր զգայականութիւն կամ լաւութիւն։ Ան կը յորդորէ երիտասարդները, որ հասկնան Աստուծոյ սէրը՝ Իր ժողովուրդին հանդէպ։ Սէր մը, որ ատակ է “ուրիշներուն միջոց ստեղծելու՝ իր անձին մէջ”, լսելու, համբերելու եւ ուրախանալու ընկերոջ հետ։ Հաւատարիմ սէր մը, որ միշտ ներողամիտ է։ Ասոր համար, կը յիշեցնէ Սրբազան Քահանայապետը, “ողորմածութեան մէջ միշտ բովանդակուած է ներողամտութիւնը”։ Սա միայն վերացական գաղափար մը չէ, այլ թանձրացեալ իրականութիւն մը։ Յիսուսի մէջ, կ՛ընդգծէ Սրբազան Պապը, ամէն ինչ ողորմածութիւն է, Յիսուս Ինքնին ողորմածութիւն է։ Ամբողջ Աւետարանի ամփոփումը այդ իրականութեան մէջ է՝ “Աստուծոյ ուրախութիւնը՝ ներումն է”։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ խոստովանանքի փորձառութիւն մը, երբ ան իբր 17ամեայ երիտասարդ հանդիպած էր քահանայի մը։ Այդ հանդիպումը փոխած էր իր կեանքը։ Ելլելով այս փորձառութենէն, Սրբազան Հայրը կը յորդորէ երիտասարդները մօտենալու խոստովանանքի խորհուրդին, աւելցնելով՝ թէ “երբ սիրտը խոնարհութեամբ եւ անկեղծութեամբ կը բանանք, այն ժամանակ կրնանք թանձրացեալ կերպով խորհրդածել Աստուծոյ ողորմածութիւնը”։ Աստուած միշտ կը կանխէ մեզ, կը փնտռէ մեզ, նախ Ինքն է, որ մեզ կը գտնէ։ Աստուած կը ներէ եւ մեր վրայ կ՛ուղղէ Իր անսահման սիրոյ հայեացքը, որ հակառակ մեր մեղքերուն, սահմանափակումներուն եւ անկումներուն՝ կը շարունակէ մեզի վստահիլ եւ յոյսով նայիլ մեր էութեան։

Սրբազան Պապը ապա իր խորհրդածութիւնը կ՛ուղղէ “Աստուծոյ ողորմածութեան ամենէն խօսուն նշանին՝ Սուրբ Խաչին”։ Այնտեղ կը տեսնենք Աստուծոյ անշահախնդիր սէրը, որ մեր կեանքը կ’ընդունի իբր բարիք մը, եւ մեզի միշտ վերսկսելու առիթը կը շնորհէ։

Աստուծոյ սէրը նաեւ մե´զ ատակ կը դարձնէ սիրելու։ Աստուծոյ ողորմածութիւնը մեզ կը մղէ կեանքի մէջ գործնականապէս կիրարկելու սէրը։ Սիրոյ եւ ողորմածութեան գործերու մէջ ամենէն դժուարն է՝ ներել այն անձին, որ մեզ վիրաւորած է, որ մեզի վնաս հասցուցած է, որ մեր թշնամին է։ Անդրադառնալով այս իրականութեան, Սրբազան Պապը կ՛առաջարկէ երիտասարդներուն, որ 2016ի յունուարէն մինչեւ յուլիս, իւրաքանչիւր ամսուան մէջ, կատարեն մէկ մարմնական եւ մէկ հոգեւոր ողորմածութեան գործ։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կը շեշտէ արդարութեան վրայ, որ միշտ պէտք է ընթանայ ողորմածութեան հետ միասին։

Եզրափակելով իր պատգամը, Սրբազան Հայրը կոչ կ’ուղղէ երիտասարդներուն. “Եկէք Յիսուսի, մի´ վախնաք. թո´յլ տուէք որ Յիսուս իր անսահման ողորմածութեամբ ձեզ արծարծէ, որպէսզի ըլլաք ողորմածութեան առաքեալներ՝ անձնասիրութեամբ, ատելութեամբ եւ յուսահատութեամբ վիրաւոր աշխարհի մը մէջ։ Տարէ´ք ողորմած Յիսուսի լոյսը առօրեայ կեանքին մէջ, մինչեւ աշխարհի ծագերը”։








All the contents on this site are copyrighted ©.