2015-09-28 21:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ:


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սեռային չարաշահումները, Եւրոպայի մէջ գաղթականներու հարցը, ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, կիներու դերը եկեղեցւոյ մէջ, Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ Քոլոմպիայի մէջ հաշտութեան ի սպաս համաձայնութիւնը, եղան Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆիլատելֆիայէն Հռոմ թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած 50 վայրկեան տեւողութեամբ զրոյցի գլխաւոր նիւթերը։

Նորին Սրբութիւնը նախ յայտնեց որ իրեն զարմանք պատճառած է մարդոց ջերմ ընդունելութիւնը, անոնց բարութիւնը եւ հոգեւոր արարողութիւններու անոնց ջերմեռանդ մասնակցութիւնը։ Ապա մատնանշեց թէ Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրը այսօր` Ժողովուրդին մօտիկ ըլլալն է։ Մասնակցիլ անոր ուրախութիւններուն եւ դժուարութեան պահերուն, երբ չկայ աշխատանք եւ երբ կայ հիւանդութիւն։ Եկեղեցին պէտք է մօտիկ ըլլալ մարդոց, մօտիլ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին։ Այս է մարտահրաւէրը զոր ԱՄՆ-ի եկեղեցին լաւապէս հասկցաւ։

Պատասխանելով ապա` եկեղեցականներու կողմէ գործադրուած սեռային չարաշահումներու մասին ուղղուած հարցումի մը, Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ այդ մէկը մեծ ցաւ է Եկեղեցւոյ համար եւ թէ Ամերիկայի Եկեղեցին մեծապէս տառապեցաւ ատոր պատճառաւ ու թէ ինք ուզեց եպիսկոպոսներուն յայտնել իր մօտիկութիւնը եւ քաջալերանքը որովհետեւ անոնցմէ շատեր ''Բարի Հովիւներ, աղօթքի մարդիկ'' տառապեցան այդ եղելութիւններուն ի տես։ Քահանայապետը ապա դատապարտեց այն անձերը որոնք ''սրբապղծութիւն'' կը կատարեն մանուկներու եւ անչափահասներու դէմ։ Երբ Քահանայ մը սեռային չարաշահում կը կատարէ սրբապղծութիւն կը կատարէ որովհետեւ անոր կոչումը այդ մանուկը աճեցնել է դէպի Աստուծոյ Սէրը, դէպի հասունութիւնը, դէպի բարին ու ինք այս բոլորը կ՛արհամարհէ, կը դաւաճանէ իր կոչումը։ Ասոր համար Եկեղեցին, այս պահուն զօրաւոր է, որովհետեւ չուզեր ծածկել պատահածը, այն եպիսկոպոսներն ալ որ ծածուկ պահեցին հարցերը յանցաւոր են ու այս մէկը տգեղ երեւոյթ մըն է։ Ասոր համար է որ խօսքիս մէջ ուզեցի քաջալերել անոնք որոնք թէեւ անգիտակից` կռեցին  ուրիշներուն գործած սխալներու հետեւանքը։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ ներողամտութեան մասին յայտնելով թէ ինք միշտ պատրաստ է ներերու սակայն եթէ անձ մը չ՛ապաշխարէ ու այդ ներումը Աստուծմէ չի հայցէ` ներում չի ստանար։ Տարբերութիւն կայ ներերու եւ ներում ստանալու միջեւ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, մատնանշելով թէ ինք կ՛աղօթէ բոլոր այն կղերականներուն համար որոնք արարքներ գործած են որպէսզի ապաշխարեն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ Քոլոմպիայի մէջ ձեռք բերուած հաշտութեան համաձայնութեան ու այդ համաձայնութեան ստորագրութեան բերումով իր ուրախութեան ու այդ առընչութեամբ Սուրբ Աթոռին սատարին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խոստովանեցաւ թէ ամէն անգամ որ առաքելական ճամբորդութենէ մը կը վերադառնայ իր մտքին մէջ կը մնան իրեն հանդիպած այրերու ու կիներու դիմագիծերը ու իղձը ունիմ անոնց համար աղօթելու ու Տիրոջ ըսելու “Տէր ես հոս եկայ բարիք գործելու համար։ Չեմ գիտեր որքանով յաջողեցայ։ Եթէ չարիք գործեցի ներէ ինծի, բայց պահպանէ բոլոր այդ մարդիկը որ ինծի հետ հանդիպեցան, իմ խօսքերս ունկնդրեցին եւ ունկնդրեցին անոնք որոնք զիս քննադատեցին”։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով ապա Եւրոպայի գաղթականներու երեւոյթին եւ “չարաշահուած Ափրիկեան” ցամաքամասին, դատապարտեց պատնէշներու կառուցումը եւրոպայի մէջ ու հաստատեց թէ “Պատերը կը փլուզուին, այսօր, վաղը, կամ 100 տարիներ ետք. Անոնք կը փլուզուին։ Պատերը լուծում չեն. Հարկաւոր է երկխօսութիւնը երկիրներու միջեւ գաղթականութեան հարցին լուծում որոնելու համար։ Պատերուն տեղ պէտք է կամուրջներ կառուցել, միշտ, միշտ։ Պատնէշները այլապէս հարցը չեն լուծեր եւ ատելութիւն կը սերմանեն”։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ապա յառաջիկայ օրերուն գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասին եւ ամուսնալուծումի հարցին մասին ինչպէս նաեւ ամուսնալուծուած եւ վերապսակուած զոյգերու մասին հաստատելով թէ սիւնհոդոսը պէտք է քննարկէ ամուսնական կեանքի պատրաստութեան հարցը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց “խղճի առարկութեան” մասին յայտնելով թէ այդ մէկը մարդկային իրաւունք մըն է, որ պէտք է յարգուի։ Պատասխանելով ապա Ֆրանսայի զինուորական միջամտութեան ՏԱՀԵՇի դէմ ըսաւ թէ իրեն համար “ռմբակոծում” բառը կը նշանակէ մահ եւ արիւն։

Ակնարկելով հուսկ Չինաստանին` Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. “Իղձս է այցելել Չինաստանը։ Ես Չինացի ժողովուրդը կը սիրեմ։ Եւ կը մաղթեմ որ կարելիութիւն ընծայուի բարի յարաբերութիւններ ունենալու անոնց հետ”։

Եկեղեցւոյ մէջ կիներու դերին մասին ակնարկելով Սրբազան Քահանայապետը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ԱՄՆ-ի մէջ ծառայող Մայրապետներուն որոնք –ըսաւ Ան – շատ սիրուած են հաւատացեալներէն։

Իսկ երբ իրեն հարց տրուեցաւ եթէ ինքզինք “կարեւոր անձնաւորութիւն” կը զգայ­­, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատասխանեց. Քահանայապետի իշխանութիւնը կը կայանայ ծառայութեան մէջ։ Քահանայապետը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ -  Աստուծոյ ծառաներուն ծառան է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.