2015-09-28 09:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքի առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27 սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիայի մէջ տեղական ժամով յետմիջօրէի 4.00-ին, (Հռոմի ժամով 22.00ին) Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց Ընտանիքներու համաշխարհային 8րդ հաւաքին եզրափակիչ սուրբ պատարագին որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Աստուածաշունչի երկու դրուագներու վրայ։ Յեսու՝ Մովսէս Մարգարէին կ՝ըսէ, թէ ժողովուրդէն երկու անձեր Աստուծոյ Խօսքը կը քարոզեն առանց որեւէ հրամանի։ Յովհաննէս Առաքեալ՝ Յիսուսին կ՝ըսէ, թէ աշակերտները արգելք հանդիսացան անձի մը, որ չար ոգիները կը վտարէր Յիսուսի անունով։ Նշանակալից է, որ թէ՛ Մովսէս եւ թէ՛ Յիսուս կը յանդիմանեն այս գործակիցները, որոնք գայթակղած էին Աստուծոյ շնորհած ազատութենէն։ Այն Աստուածը, որ իր անձրեւը կու տայ արդարներուն եւ մեղաւորներուն։ Յիսուսի համար անհանդուրժելի գայթակղութիւնը կը կայանայ այն բոլոր արարքներուն մէջ, որոնք կը քանդեն եւ կ՝ապականեն մեր վստահութիւնը՝ Սուրբ Հոգիի գործելակերպի վրայ։

Աստուած, մեր Հայրը, թող չի տար որ մէկը զինք գերազանցէ առատաձեռնութեան մէջ, եւ  միշտ կը սերմանէ։ Ան մեզ կը փնտռէ, մեզի կը սպասէ։ Այս վստահութիւնն է, որ աշակերտները ատակ պիտի դարձնէ հրահրելու եւ աճեցնելու բոլոր բարի նախաձեռնութիւնները, որոնք իրենց շուրջը կը գտնուին։

Հաւատքը կը բանայ «պատուհանը»՝ Սուրբ Հոգիի գործունեայ ներկայութեան եւ մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս երջանկութիւնը եւ սրբութիւնը միշտ բովանդակուած են փոքր արարքներու մէջ։ «Ան, որ ձեզի բաժակ մը խմելու ջուր հրամցնէ իմ անունովս ... իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ» կ՝ըսէ Յիսուս։ Փոքր արարքներ են, որոնք անհատ մը կը սորվի տան մէջ. արարքներ՝ կատարուած ընտանիքներու մէջ, որոնք առօրեայի անանունութեան մէջ կը կորսուին։ Մօր, մեծ մօր, հօր, մեծ հօր եւ զաւակի արարքներն են։ Արարքներ՝ քնքշութեան, մտերմութեան եւ կարեկցութեան։ Սէրը կ՝արտայայտուի փոքր բաներու մէջ. առօրեայի մանրամասնութիւններուն ուշադրութիւն շնորհելով՝ կենաքին կու տանք տան համը։

Հաւատքը կ՝աճի, երբ կ՝ապրուի եւ կը ձեւաւորուի սիրոյ մէջ։ Ուստի, մեր ընտանիքները եւ մեր բնակարանները տնային վաւերական Եկեղեցիներ են. յարմար վայրեր են, ուր հաւատքը կեանքի կը վերածուի եւ կեանքը՝ հաւատքի։

Այս կեցուածքը, որուն հրաւիրուած ենք՝ մեզ կը մղէ հարց տալու մեզի. «ի՞նչպէս կ՝աշխատինք ապրիլ այս տրամաբանութիւնը մեր ընտանիքներէն ներս եւ մեր ընկերութեան մէջ»։ «Ինչպիսի՞ աշխարհ մը կ՝ուզենք թողուլ մեր զաւակներուն»։ Մեր հասարակաց տունը այլեւս չի կրնար ամուլ բաժանումներ հանդուրժել։ Մեր հասարակաց տունը պաշտպանելու մարտահրաւէրը կը ներառէ ճիգը՝ միացնելու մարդկային ամբողջ ընտանիքը, փնտռելու կայուն եւ համապարփակ զարգացում մը։

Սրբազան Պապը յորդորեց, որ ծնողները բարի օրինակ հանդիսանան իրենց զաւակներուն. ըլլան անհատներ, որոնք կարող են գործակցիլ ուրիշներու հետ, ծաղկեցնելու համար այն ամէն բարիք, որ Հայրը սերմանած է։

Մենք քրիստոնեաներս, Տիրոջ աշակերտները, կը խնդրենք աշխարհի բոլոր ընտանիքներէն, որ մեզի օգնեն, որ իւրաքանչիւր անհատ մեզմէ բանայ ինքզինք սիրոյ հրաշքներուն՝ աշխարհի բոլոր ընտանիքներու բարիքին համար, կարենալ գերազանցելու համար ճղճիմ եւ վստահութենէ զուրկ սիրոյ գայթակղութիւնը, փակուած ինքն իր մէջ՝ առանց համբերութեան ուրիշներու հանդէպ։ Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կոչ ուղղեց՝ նորոգել մեր հաւատքը Տիրոջ խօսքին, կարենալ կատարելու համար այդ առաքելութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.