2015-09-27 10:02:00

''Պաշտպանենք ընտանիքը այդ է մեր ապագան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 27  սեպտեմբերի երեկոյեան Ֆիլատելֆիայի Պենժամին Ֆրանքլին հանրային հրապարակին վրայ մատուցած բացօթեայ Սուրբ պատարագով Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛եզրափակէ անցեալ 22 սեպտեմբերին սկիզբ առած Ընտանիքներու համաշխարհային 8-րդ հաւաքը որուն բնաբանն է ''Սէրն է մեր առաքելութիւնը''։ 
Շաբաթ 26 սեպտեմբերի երեկոյեան նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ ''Ընտանիքներու 8-րդ համաշխարհային օրուան'' ծիրէն ներս ''Ընտանիքներու տօնախմբութեան աղօթքի հսկումը'' որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ աշխարհահռչակ արուեստագէտ երգիչներ` Արիթա Ֆրանքնլին եւ Անտրէա Պոչչելլի։
Երգեցողութիւններու, պարերու, վկայութիւններու տօնական մթնոլորտի մէջ է որ 80 հազար հաւատացեալներ դիմաւորեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ փոխադարձ ջերմ ուրախութեամբ համապատասխանեց անոնց հրաւէր ուղղելով պաշտպանելու ընտանիքը որովհետեւ հոն է մեր ապագան։ Ընտանիքը¬, ըսաւ Քահանայապետը յոյսի, կեանքի եւ յարութեան աշխատանոց է որովհետեւ Աստուած այնպէս ուզած է զայն։ 
Վկայութիւններու շարքին խօսք առաւ` Ամի Վոլը, հրաշագործ բուժումի ենթակայ, շնորհիւ Ֆիլատելֆիայի Սրբուհի Քաթէրինա Մէրի Տրէքսելի բարեխօսութեան, ինչպէս նաեւ Ավստրալիայէն Քամիլլուս եւ Քելլի զոյգը որոնք նոյեմբերին պիտի պսակուին հուսկ Արժանթինէն Մարիօ եւ Ռոզա ամոլը որոնք այս տարի իրենց ամուսնութեան 60 ամեակը տօնախմբեցին։
Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ կոչ ուղղեց նաեւ յատուկ հոգ տանելու մանուկներուն երիտասարդներուն եւ տարեցներուն։ Առաջինները որովհետեւ մեր յոյսն են իսկ տարեցները որովհետեւ մեր պատմական ''յիշողութիւնն'' են ու անոնք են որ մեզի փոխանցեցին Հաւատքը։ Անոնց նկատմամբ հոգատարութիւնը սիրոյ նշան է։ Ազգ մը որ չի գիտեր հոգալ մանուկներուն եւ ծերունիներուն  առանց ապագայի է, որովհետեւ ոչ ուժ ունի եւ ոչ յիշողութիւն։ 
Իր անպատրաստից ու սրտաբուխ պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ընտանիքի ապրած դժուարութիւններուն հաստատելով թէ ''ընկերութիւն մը կ՛աճի զօրեղ եթէ կառուցուած ըլլայ ընտանիքի վրայ։ Ընտանիքը որ ստեղծուած է Աստուծմէ։ 
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ վերյիշեց մանուկի մը իրենց ուղղուած հարցում մը ''Երբ Աստուած երկիրը չէր ստեղծեր ի՞նչ կ՛ընէր''. Աստուած երկիրը չստեղծած սիրեց որովհետեւ Ան Սէր է, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը,Սէր մը այնքան անհուն ու վսեմ որ ստեղծեց աշխարհը. այս սքանչելիքը, որ մենք մարդիկս, աւաղ կը քանդենք։ 
Աստուած ամէն ինչ պարգեւեց մարդուն։ Համայն սէրը, բոլոր գեղեցկութիւնը, համայն ճշմարտութիւնը որ Աստուած ունէր իր մէջ, զայն յանձնեց ընտանիքին - ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ ընտանիքը այս բոլոր պարգեւները, այս բոլոր սէրը ընդունելու համար պէտք լայն բանայ իր բազուկները։ Տէրը, հակառակ մարդուն յարուցած բաժանումներուն,  երբեք չի թողուր մեզ, նոյնիսկ Ադամի դաւաճանութենէն ետք, Ան մարդկութեան հետ կը քալէ, մինչեւ իր Միածին Որդոյն զոհաբերումը։ 
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դարձեալ հրաւէր ուղղեց ընտանիքներուն դիմելու միշտ հաշտութեան հակառակ անհասկացողութիւններուն վէճերուն եւ դժուարութիւններուն` ''առանց հաշտութեան, վիճած վիճակի մէջ երբեք օրը չփակել''։ 
Ան ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը եւ Սուրբ Յովսէփի հովանին բոլոր ընտանիքներուն համար որպէսզի ''օգնեն մեզ համոզուելու եւ հաւատալու թէ կ՛արժէ պայքարիլ ընտանիքներուն համար''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.