2015-09-27 10:26:00

Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքի եզրափակումը Ֆիլատելֆիայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քուպա եւ Միացեալ նահանգներ կատարած առաքելական 10-րդ ճամբորդութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Արդարեւ այսօր` կիրակի 27 սեպտեմբերը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը կ՛եզրափակէ Ընտանիքներու Համաշխարհային 8-րդ հաւաքը, ու կ՛եզրափակէ նաեւ հովուական միջազգային այցելութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆիլատելֆիայի հանգրուանի կիրակի օրուայ յայտագիրը  սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 9,15-ին (Հռոմի ժամով 15,15-ին) Ընտանիքներու համաշխարհային 8-րդ հաւաքին մասնակցող եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումով որ տեղի կ՛ունենայ Սան Քարլօ Պորրոմէօ նորընծայարանի մատրան մէջ, որուն ընթացքին Ֆիլատելֆիայի Արքեպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը պատգամ կ՛ուղղէ ներկայ գտնուող 300 եպիսկոպոսներուն։

Եպիսկոպոսներու հետ հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ինքնաթիռով կը փոխադրուի  Ֆիլատելֆիայի ''Curran-Fromhold'' քրէական յանցագործերու բանտը, հանդիպելու համար կալանաւորներուն հետ։ 

Բանտ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորեն Բանտին ընդհանուր յանձնակատարը եւ բանտին տնօրէնը ու բանտին Մատրանապետը որոնք Սրբազան Հայրը կ՛առաջնորդեն բանտին մարզավայր ուր համախմբուած են 100 կալանաւորներ ։ Հանդիպման սկիզբը խօսք կ՛առնէ բանտին յանձնակատարը ապա Ֆիլատելֆիայի Արքեպիսկոպոսը հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքը կ՛ուղղէ կալանաւորներուն որմէ ետք բանտարկեալները նուէր մը կը ներկայացնեն Ֆրանչիսկոս Պապին որ ապա մէկիկ մէկիկ կ՛ողջունէ զանոնք։

Բանտէն հրաժեշտ չառած Սրբազան Պապը հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ  նաեւ բանտին աշխատակազմին հետ ապա կ՛ուղղուի, Սան Քարլօ Պորրոմէօ նորընծայարան ուր հակիրճ դադարէ ետք, հրաժեշտ կ՛առնէ նորընծայարանէն եւ կ՛ուղղուի Պենժամին Ֆրանքլին հանրային հրապարակ ուր ժամը 16-ին (Հռոմի ժամով 22-ին) նախատեսուած է` Ընտանիքներու 8-րդ համաշխարհային օրուան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին բացի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի արտասանած յաւուր պատշաճի քարոզէն խօսք կ՛առնեն Ֆիլատելֆիայի Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Շափութ, Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա որ այս առթիւ կը յայտարարէ ընտանիքներու համաշխարհային 9-րդ հաւաքի թուականն ու վայրը, ապա Սրբազան Պապը` 5 ցամաքամասերը ներկայացնող 5 ընտանիքներուն կը յանձնէ Ղուկասի Աւետարանը որպէս խորհրդանիշ անոնց առաքելութեան։

Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքի եզրափակիչ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ուղղուի Ֆիլատելֆիայի օդակայան ուր հանդիպում կ՛ունենայ Հաւաքին կազմակերպչական մարմնոյ անդամներուն ու բարերարներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Ընտանիքի հաւաքին կազմակերպչական մարմնոյ անդամներուն ու բարերարներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը, օդակայանի մէկ սրահին մէջ, առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ` Տիար Ճօ Պայտընի ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ Հրաժեշտի Պաշտօնական արարողութիւն եւ տեղական ժամով 20-ին (Հռոմի ժամով 28 սեպտեմբերի 2-ին) Նորին Սրբութիւնը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը կը բարձրանան օդանաւ ու կ՛ուղղուին դէպի Հռոմ ուր վայրէջքը նախատեսուած է` երկուշաբթի 28 սեպտեմբերի առաւօտեան 10-ին, Հռոմի Չամփինօ օդակայան։








All the contents on this site are copyrighted ©.