Ֆրանչիսկոս Պապ Քուպա եւ Միացեալ նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը կ՛եզրափակէ Ֆիլատերլֆիայի մէջ Ընտանիքի Համաշխարհային 8-րդ օրուան տօնախմբութեամբ։
Ֆիլատելֆիա քաղաքը համարուած է Միացեալ նահանգներու հինգերրոդ քաղաքը իր բնակչութեան թիւով իսկ Փենսիլվանիա Նահանգի կարեւորագոյն քաղաքը ։
1790-1800 թուականներուն եղած է Միացեալ նահանգներու մայրաքաղաք։
2010-ի տուեալներուն համաձայն, Ֆիլատելֆիա քաղաքի եւ անոր արուարձաններու բնակչութեան թիւն է 5.5 միլիոն
Ֆիլատելֆիայի Աւագ Թեմը
Ֆիլատելֆիայի աւագ Թեմը Հիմնուած է 8 ապրիլ 1808-ին, ունի 235 ժողովրդապետութիւններ, 18 եկեղեցիներ, 564 թեմական քահանաներ, 344 կրօնաւորներ, 2543 կրօնաւորուհիներ, 281 մնայուն սարկաւագներ։ Թեմը կը գործէ իր 329 կրթական կեդրոններով եւ 58 բարեսիրական հաստատութիւններով։ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւն է 1.500.000։Թեմին արքեպիսկոպոսն է գերապայծառ Չարլ Ժոզէֆ Շափութ, ծնած է 26 սեպտեմբեր 1944-ին, եւ քահանայ ձեռնադրուած է 29 օգոստոս 1970-ին իսկ եպիսկոպոս օծուած է 26 յուլիս 1988ին։Թեմին աթոռանիտ եկեղեցին նուիրուած է Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն։ Թեմը ունի ապա 1832-ին հիմնուած Սան Քարլո Պորրոմէի անուամբ նորընծայարան ուր այս օրերուն բնակչութիւն հաստատած է Ֆրանչիսկոս Պապը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |