2015-09-26 08:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Խաղաղութեան եւ արդարութեան Ս. Պատարագին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 26 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Նիւ Եորքի Մատիսըն Սքուէր Կարտէն մարզադաշտին մէջ։

Իր քարոզին սկիզբը Սրբազան Հայրը նշեց որ յիշեալ հրապարակը կարեւոր հանդիպավայր մըն է։ Քաղաքացիները այնտեղ կը հանդիպին ու կը միանան զանազան հասարակաց հետաքրքրութիւններով, եւ այնտեղ կը տեսնուին քաղաքացիներու կեանքին զանազան երեսները։ Օրուան Սուրբ Պատարագի ընթերցուածին մէջ Եսայի Մարգարէ կը գրէ՝ «ժողովուրդը, որ կը քալէր խաւարի մէջ՝ մեծ լոյս մը տեսաւ» (Ես Թ. 1) Այն ժողովուրդը որ կը քալէր, իր գործունէութեան մէջ, իր առօրեայ զբաղումներուն մէջ. ժողովուրդը, որ կը քալէր իր յաջողութիւններով եւ սխալներով, իր վախերով եւ կարելիութիւններով՝ մեծ լոյս մը տեսաւ։ Ժողովուրդը, որ կը քալէր իր ուրախութիւններով եւ յոյսերով, իր յուսախաբութիւններով եւ դառնութիւններով՝ մեծ լոյս մը տեսաւ։

Աստուծոյ ժողովուրդը բոլոր ժամանակաշրջաններուն մէջ կոչուած է խորհրդածելու այս լոյսի մասին - ըսաւ Քահանայապետը -։ Լոյսը, որ կ՛ուզէ լուսաւորել ժողովուրդները –  այսպէս կը գոչէր Սիմէոն Ծերունին՝ լի ցնծութեամբ։ Լոյսը, որ կ՛ուզէ թափանցել այս քաղաքի իւրաքանչիւր անկիւնը, մեր համաքաղաքացիներուն եւ մեր կեանքի բոլոր տարածքներուն մէջ։ «Ժողովուրդը, որ կը քալէր խաւարի մէջ՝ մեծ լոյս մը տեսաւ»։

Հաւատացեալ ժողովուրդի նկարագրական կէտերէն է՝  իր «խաւարին» մէջն իսկ Քրիստոսի բերած լոյսը տեսնելու եւ խորհրդածելու իր կարողութիւնը։

Հաւատացեալ ժողովուրդը, որ գիտէ դիտել, գիտէ զանազանել, որ գիտէ խորհրդածել Աստուծոյ կենդանի ներկայութիւնը իր կեանքին եւ իր քաղաքին մէջ։ Այսօր կրնանք մարգարէին հետ ըսել՝ ժողովուրդը, որ կը քալէ, կը շնչէ եւ կ՛ապրի «սմոկ»ի մէջ, մեծ լոյս մը տեսաւ, կեանքի օդի փորձառութիւնը առաւ։

Մեծ քաղաքի մը մէջ ապրիլ՝ բարդ բան մըն է. բազմամշակոյթ համակարգ մըն  է ան՝ մեծ մարտահրաւէրներով, որոնց լուծում գտնելը դիւրին չէ։ Մեծ քաղաքները մեզի կը յիշեցնեն մեր աշխարհի մէջ թաքնուած հարստութիւնները. մշակոյթներու, սովորութիւններու եւ պատմութիւններու բազմազանութիւնը. լեզուներու, զգեստներու եւ ճաշերու բազմազանութիւնը։ Մեծ քաղաքները կը վերածուին բեւեռներու, որոնք կը թուին ներկայացնել բազմաքանակութիւնը այն կերպերուն, որոնք մենք՝ մարդկային էակներս գտած ենք՝ պատասխանելու կեանքի իմաստին՝ այն պայմաններուն մէջ, ուր կը գտնուինք։ Մեծ քաղաքները կը ծածկեն շատերու դիմագիծը, որոնք կարծես չունին քաղաքացիութիւն կամ երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ են։ Մեծ քաղաքներուն մէջ, երթեւեկի աղմուկին մէջ, «փոփոխութիւններու կշռոյթով», շատերու ձայնը, որոնք քաղաքացիութեան «իրաւունք» չունին եւ իրաւունք չունին մաս կազմելու քաղաքին՝ կը մնայ ծածուկ։ Այդ անհատները՝ օտարներ եւ անոնց զաւակները դպրոցական կրթութիւն չեն ստանար, անհատներ են՝ առանց առողջապահական ծառայութեան, անտուն մարդիկ, ծերեր եւ առանձին անհատներ – սահմանափակուած մեր փողոցներու եզերքը, մեր մայթերու վրայ, խլացուցիչ անանունութեամբ։ Կու գան մաս կազմել քաղաքային համապատկերին, որ հետզհետէ կը դառնայ բնական՝ մեր աչքերուն եւ յատկապէս՝ մեր սրտին։

Գիտնալով, որ Յիսուս կը շարունակէ քալել ձեր փողոցներէն, էապէս խառնուելով իր ժողովուրդին մէջ, ինքզինք եւ անհատները ներգրաւելով փրկագործութեան պատմութեան մէջ՝ մեզ կը լեցնէ յոյսով։ Յոյս մը, որ մեզ կ՛ազատէ այն ոյժէն, որ մեզ կը մղէ մեր անձը մեկուսացնելու, ուրիշներուն կեանքը եւ մեր քաղաքի կեանքը անտեսելու։ Յոյս մը, որ մեզ կ՛ազատէ սին «կապուածութիւններէ», վերացական վերլուծումներէ, եւ կամ ուժգին զգայութիւններու կարիքէն։ Յոյս մը, որ վախ չունի մասնակցելու՝ գործելու համար իբր թթխմոր այն տեղերը, ուր պէտք է ապրիլ եւ գործել։ Յոյս մը, որ մեզ կը կոչէ «սմոկ»ի ընդմէջէն տեսնելու Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ կը շարունակէ քալել մեր քաղաքին մէջ։

Ինչպիսի՞ է այս լոյսը, որ կ՛անցնի մեր փողոցներէն։ Ինչպէ՞ս գտնել զԱստուած, որ կ՛ապրի մեր հետ, մեր քաղաքներու «սմոկ»ին մէջ։ Ինչպէ՞ս հանդիպիլ Յիսուսի, որ կʼապրի եւ կը գործէ այսօրուան մէջ, մեր բազմամշակոյթ քաղաքներուն մէջ։

Եսայի Մարգարէն մեզ կ՛առաջնորդէ «սորվելու եւ դիտելու»։ Մեզ կը ներկայացնէ Յիսուս, իբր «Սքանչելի խորհրդակից, Աստուած հզօր, իշխան. Հայր հանդերձելոյ աշխարհին» (Ես Թ. 6) Այս կերպով, մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի իր Որդւոյն կեանքը, որպէսզի Ան նաեւ մե՛ր կեանքը ըլլայ։

«Սքանչելի խորհրդակից»։ Աւետարանները մեզի կը պատմեն, թէ ինչպէս շատեր Անոր կը դիմեն՝ «Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընենք»։ Առաջին շարժումը, որ Յիսուս կը ստեղծէր իր պատասխանով է՝ առաջարկել, հրահրել եւ խրախուսել։ Իր աշակերտներուն միշտ կ՛առաջարկէ երթալ, դուր գալ։ Զանոնք կը մղէ ուրիշներուն ընդառաջ ելլել, այնտեղ՝ ուր ուրիշները կը գտնուին, մեզի անհաճոյ տեղ մը։ Գացէ՛ք, մէկ, երկու, երեք անգամներ. գացէ՛ք առանց վախի, առանց հակակրանքի. գացէ՛ք եւ աւետարանեցէք այս ուրախութիւնը, որ բոլոր ժողովուրդին համար է։

«Աստուած հզօր»։ Յիսուսի մէջ Աստուած ինքզինք իբր «Էմմանուէլ» յայտնեց՝ «Աստուած մեր հետ», Աստուած, որ կը քալէ մեր կողքը, որ մեր հարցերուն կը խառնուի, մեր տուներուն մէջ, մեր «տապակներուն» մէջ, ինչպէս կը սովոր էր ըսել Սրբուհի Մայր Թերեզա։

«Հայր հանդերձելոյ աշխարհին»։ Ոչինչ, եւ ոչ մէկ բան մեզ կրնայ իր Սերէն բաժնել։ Գացէ՛ք աւետարանեցէք, գացէ՛ք եւ ապրեցէք ա՛յնպէս, որ Աստուած ձեր մէջ է իբր ողորմած Հայր մը, որ ամէն առաւօտ եւ ամէն երեկոյ դուրս կու գայ՝ տեսնելու, թէ իր զաւակը ե՛րբ տուն պիտի վերադառնայ. եւ հազիւ զայն կը տեսնէ, կը փութայ զայն գրկելու։ Գրկում մը, որ կʼուզէ ընկալել, մաքրել եւ բարձրացնել իր զաւակներու արժանապատուութեան։ Հայր մը, որ իր գրկումով՝ բարի լուր է աղքատներուն, սփոփանք՝ չարչարուածներուն, ազատութիւն՝ բոլոր ճնշուածներուն, մխիթարութիւն՝ տրտումներուն (հմմտ Ես ԿԱ. 1)

«Իշխան խաղաղութեան»։ Երթալ ուրիշներուն ընդառաջ՝ բաժնեկցելու համար բարի լուրը՝ թէ Աստուած մեր Հայրն է։ Ան կը քալէ մեր կողքը, մեզ կʼազատէ անանունութենէ, անդէմ եւ դատարկ կեանքէ. մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի հանդիպումի դպրոց։ Մեզ կʼազատէ մրցակցութեան, ինքնանպատակութեան պատերազմէն՝ մեզի բանալու համար խաղաղութեան ճանապարհը։ Ա՛յն խաղաղութիւնը, որ կը ծնի ուրիշի ճանաչումով. ա՛յն խաղաղութիւնը, որ կը ծնի սրտին մէջ՝ յատկապէս ամենէն կարիքաւորը իբր եղբայր տեսնելով։

Աստուած կ՛ապրի մեր քաղաքին մէջ։ Եկեղեցին կ՛ապրի մեր քաղաքին մէջ եւ կ՛ուզէ ըլլալ թթխմոր զանգուածին մէջ, կ՛ուզէ խառնուիլ բոլորին հետ, ընկերակցելով բոլորին, աւետարանելով հրաշագործութիւններն Անոր, որ «Սքանչելի խորհրդակից է, Աստուած հզօր, Իշխան, Հայր հանդերձելոյ աշխարհին»։

«Այն ժողովուրդը, որ կը քալէր խաւարի մէջ, մեծ լոյս մը տեսաւ» եւ մենք Անոր վկաներն ենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.