2015-09-26 09:53:00

Սահմանային բախումներու հետեւանքով 4 Հայ եւ 5 Ատրպէյճանցի զինուորներ կը սպաննուին։


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Սեպտեմբեր 24ին ատրպէյճանական կողմը մինչեւ ուշ գիշեր շարունակած է զարկի տակ պահել սահմանային Տաւուշի հատուածը: «Երկիրն Այսօր»ի հետ զրոյցին ընթացքին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական վարչութիւնը հաղորդած է, որ այդ գնդակոծութեան ի պատասխան՝ հայ դիրքապահները սպաննած են առնուազն 5 ատրպէյճանցի ծառայող: Տեղեկութիւն կայ նաեւ վիրաւորներու մասին, որոնց յստակ թիւը չէ ճշդուած տակաւին:

Ի դէպ, ի տարբերութիւն ատրպէյճանական կողմին, հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններուն ընթացքին, ատրպէյճանական կողմէն ոեւէ քաղաքացի չէ տուժած:

Սեպտեմբեր 24ին եւ լոյս 25ի գիշերը, հակառակորդը շարունակած է հրադադարի պահպանման կարգը աշխուժօրէն խախտել՝ շուրջ 260 անգամ: Այդ ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 4000 կրակոց: Հակառակորդը կիրառած է նաեւ թրքական արտադրութեամբ հրթիռներ։ Յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուած են բանակայիններ՝ Նորայր Միքայէլի Խաչատրեան (ծնած 1995ին), Ռոբերտ Սուրէնի Մկրտչեան (1995), Յարութ Մաքսիմի Յակոբեան (1997) եւ Կարէն Գէորգի Շահինեան (1997): Կան նաեւ վիրաւորներ:

Դատապարտելէ  ետք  ատրպէյճանական յարձակումը, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր ցաւակցութիւնները յայտնած է նահատակ զինուորներու








All the contents on this site are copyrighted ©.