2015-09-26 09:58:00

Աշխարհասփիւռ Հայութիւնը պէտք է աշխարհին յայտնէ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն մասին.


ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կը կարեւորէ հայութեան ամբողջ ներուժի օգտագործումը միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման համար: «Սփիւռքում գործող մեր կառոյցները, ակտիւիստներն ամէն մէկն իր երկրում պէտք է կարողանան ճնշում գործադրել տուեալ երկրի իշխանութիւնների վրայ, որպէսզի իրենց խօսքն ասեն, միջամտեն այն ամէնին, ինչ փորձում է անել Ալիեւը»,-­ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է նախարարը:

«Արմէնփրես»-­ի փոխանցմամբ` ան յիշեցուցած է, որ երբ 2014 թուականի Սեպտեմբեր 15-­20­ին տարբեր երկիրներու հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ հաւաքուած էին եւ կ՛որոշէին առաջնահերթութիւնները, անոնցմէ մէկը Արցախեան հիմնահարցին կը վերաբերէր: «Ոչ միայն Հայաստանի, այլ ողջ հայ ազգի խնդիրն է դա: Սփիւռքեան կառոյցները սահմանային լարուածութեան դէպքերում ցոյցերով, ճնշումներով փորձում է այդ երկրների իշխանութիւններին մասնակից դարձնել այդ գործընթացին»,- ­նշած է Հրանոյշ Յակոբեան` աւելցնելով, որ Ատրպէյճանը սահմանին լարուած վիճակ կը ստեղծէ` փորձելով վնաս հասցնել Հայաստանի զբօսաշրջութեան, տնտեսութեան, վախցնել սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն բերքահաւաքի այս ժամանակահատուածին:

«Ալիեւն անընդհատ փորձում է ձեւեր գտնել` ի վնաս մեր Հանրապետութեան: Մենք արժանի հակահարուած ենք տալիս, մեր բանակն իր տեղում է, բանակի ոգին, հնարաւորութիւններն այնպիսին են, որ երբեք չպէտք է մտածենք, որ մեր բանակը կարող է զիջել, հակահարուած չտալ»,- ըսած է­ նախարարը:

Յիշեցնենք, որ հակառակորդի կրակոցներէն Տաւուշի մարզի Բերդաւան համայնքին մէջ Սեպտեմբեր 24-­ին զոհուած է 2 քաղաքացի, 2-­ը` վիրաւորուած: Զոհուած քաղաքացիներն են`1974 թուականին ծնած Սոնա Ռեւազեանը եւ 1921-­ին ծնած Շուշան Ասատրեանը: Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Տաւուշի մէկ այլ սահմանամերձ` Պառաւաքար համայնքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է 83-­ամեայ Պայծառ Աղաջանեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.