2015-09-25 10:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկութիւնը Իսլամ ժողովուրդին Մաքքէի մէջ պատահած արկածի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 24 սեպտեմբերին, Արաբական Սաուտիա՝ Մաքքէի սուրբ քաղաքին  մէջ, ուխտաւորներու միջեւ  բախումներու հետեւանքով,  զոհուած են 700 աւելի անձեր, ի լուր այս ողբերգական իրողութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Նիւ Եորքի Սէն Փաթրիք Տաճառին մէջ գլխաւորած Ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին, ուզեց իր մօտիկութիւնը յայտնել ՝ իսլամ ժողովուրդին։

՝՝Կ՛ուզեմ երկու զգացումներ արտայայտել Իսլամ իմ եղբայրներուս, ըսաւ Քահանայապետը, առաջինը՝ իմ ողջոյնս է որովհետեւ այսօր կը տօնախմբեն զոհաբերումի տօնը։ Թէեւ կը փափաքէի որ այս ողջոյնս ըլլար աւելի ջերմ։ Իսկ երկրորդ զգացումը մօտիկութեան զգացումն է ի տես Մաքքէի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի ողբերգութեան։ Այս աղօթքի պահուն կ՛աղօթեմ Աստուծոյ մեր Ամենազօր եւ ողորմած Հայրը։

Նշենք թէ. Մաքքէի Սուրբ քաղաքին մէջ  պատահած արկածը, վերջին 25 տարիներուն համարուած է որպէս ամէնէն վատ արկածը։ Մաքքէ քաղաքին մէջ ամէն տարի կը կատարուի աւանդական Իսլամ ժողվուրդի ուխտագնացութիւնը։

Մինայի մէջ՝  ուխտագնացութեան վայրէն 7 քմ հեռաւորութեան վրայ ,վրաններու մէջ ժամանակաւոր բնակարան հաստատած 160,000 ուխտաւորներէն 700 հաւատացեալներ մահացած են  վերոնշեալ արկածին պատճառով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.