2015-09-25 18:56:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը պարգեւատրել է Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 Սեպտեմբերին ընդունած է Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան կրօնապետ, կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայ Կաթողիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը:
Կարտինալ Սանտրի հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի նախագահին յանձնած է Հռոմի Ֆրանսիս պապին կողմէ Սերժ Սարգսեանին շնորհուած Ոսկի մետալը:
Նախագահ Սարգսեան ողջունած է հիւրերը եւ գոհունակութեամբ հաստատած, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի աւելի քան 20ամեայ պատմութիւն ունեցող դիւանագիտական յարաբերութիւնները միշտ ալ յատկանշուած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեամբ: Ըստ նախագահին՝ կարտինալ Սանտրիի այցելութիւնը վառ ապացոյց է այն իրականութեան, որ հայ-վատիկանեան յարաբերութիւնները մնայուն կերպով երկկողմանի հոգածութեան առարկայ եղած են ու կը շարունակեն ամրապնդուիլ։
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է կարտինալ Սանտրիի անձնական մեծ աւանդը երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման առումով՝ նշելով, թէ տեղեակ է, որ կարտինալը որքա՛ն ուշադիր եւ հոգատար է հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն նկատմամբ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան կարտինալ Լ. Սանտրին պարգեւատրած է Բարեկամութեան շքանշանով՝ հոգեւոր արժէքներու պահպանման, Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմանի կապերու ամրապնդման առումով ներդրած մեծ աւանդին, ինչպէս նաեւ հայանպաստ աշխոյժ գործունէութեան համար:
Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ դժուար է գերագնահատել Վատիկանի դերը ո՛չ միայն քրիստոնեայ աշխարհի համախմբման առումով, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան, փոխըմբռնման ու խաղաղութեան պահպանման իմաստով։ «Դրա վառ վկայութիւնն է Վատիկանի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը, որը պատմական արդարութեան վերականգնմանն ուղղուած քայլ էր», հաստատած է նախագահը:
Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ հայ ժողովուրդին համար մեծ հպարտութիւն է, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շուրջ 2000ամեայ պատմութեան ընթացքին «Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ» տիտղոսին արժանացած 36 մեծագոյն մտածողներէն մէկն ալ հայ ժողովուրդի զաւակ, միջնադարեան միտքի հանճար, Աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին է:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատած են նաեւ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ մշակութային համագործակցութեան զարգացումը: Զրուցակիցները ողջունած են այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը՝ գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ մնայուն կերպով բարձր մակարդակի վրայ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ համագործակցութիւնը:
Կարտինալ Սանտրին երախտագիտութիւն յայտնած է իրեն շնորհուած բարձր պարգեւին եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած նման վերաբերմունք կ՛ընդունի Հայաստանի վսեմ հողին եւ անոր որդիներուն ու դուստրերուն նկատմամբ մեծագոյն պատկառանքով եւ բարեկամութեան զգացումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.