2015-09-25 08:00:00

Երեկոյեան Ժամերգութիւն կղերական դասին հետ Նիւ Եորքի Սան Փաթրիք տաճարին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ուրախութեամբ պիտի լեցուիք, եթէ նոյնիսկ ներկայիս մէջ որոշ դէպքերու հետեւանքով եւ պէսպէս փորձանքներու մէջ ինկած՝ տրտմած էք»։ (Ա. Պետր Ա. 6) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Պետրոս Առաքեալի նամակի այս խօսքերով շեշտեց, թէ կղերականներ եւ կրօնաւորներ իրենց կոչումը պէտք է ապրին ուրախութեամբ։

Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, կղերականներու եւ կրօնաւորներու հետ միասին երեկոյեան ժամերգութիւն կատարեց Նիւ Եորքի Սուրբ Փաթրիք մայր տաճարին մէջ։

Սրբազան Պապը յիշեց, թէ որքան զոհողութիւններով կառուցուած է այդ տաճարը։ Դրուատեց ԱՄՆի տարածքին հոգեւորականներու եւ կրօնաւորներու տարած աշխատանքը՝ դաստիարակչական եւ ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս։ Իր քարոզին մէջ ան ըսաւ՝ «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս երեկոյ եկած եմ աղօթելու ձեր հետ, որպէսզի մեր կոչումը շարունակէ կառուցել Աստուծոյ Արքայութեան շէնքը այս Երկրին մէջ։ Գիտեմ, թէ դուք, իբր հոգեւորական դաս, ոչ հեռաւոր անցեալին շատ տառապեցաք՝ ամօթ կրելով Աստուծոյ ժողովուրդին դիմաց, այն բազմաթիւ եղբայրներու պատճառաւ, որոնք վիրաւորեցին եւ գայթակղութեան վերածեցին Եկեղեցին, իր ամենէն անպաշտպան զաւակները վիրաւորելով ... ինչպէս Յայտնութեան գիրքը կ՛ըսէ, գիտակից եմ որ «մեծ վիշտերէ կու գաք»։ (հմմտ. Յայտն Է. 14) Կ՛ընկերակցիմ ձեզի՝ ցաւի եւ դժուարութեան այս պահուն. նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ՝ այն ծառայութեան համար, որ կ՛իրականացնէք՝ ընկերանալով Աստուծոյ ժողովուրդին»։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը առաւ խորհրդածութեան երկու կէտեր, նշելով նախ «երախտագիտութեան հոգին»։ Քահանաներ եւ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներ, որոնք կը սիրեն զԱստուած, կոչուած են մնայուն գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն գտնել իրենց կոչումին համար եւ այդ գոհունակութիւնը ճառագայթել՝ քաշելով իրենց ուրիշները։ Ուրախութիւնը երախտագէտ սրտէ կը բխի։ Ճիշտ է, թէ բազմաթիւ շնորհքներ  եւ բազում օրհնութիւններ ստացած ենք, եւ ուրախ ենք անոնց համար։ Օգտակար արարք մըն է սակայն՝ վերատեսել մեր կեանքը «յիշողութեան շնորհքով»։ Առաջին կոչին յիշատակը, մեր ընթացած ճանապարհի յիշատակը, ստացուած բազմաթիւ շնորհքներու յիշողութիւնը, ... եւ ամենէն աւելի՝ կեանքի ճանապարհ երկայնքին Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպման յիշողութիւնը։ Պէտք է խնդրենք յիշողութեան շնորհքը՝ աճեցնելու համար երախտագիտութեան հոգին։ Հարց տանք մենք մեզի՝ թէ կարո՞ղ ենք թուել մեր ստացած օրհնութիւնները ...

Երկրորդ կէտը, որ Սրբազան Պապը մանրամասնեց, «աշխատասիրութեան հոգին» է։ «Երախտագէտ սիրտ մը ինքնաբուխ կերպով մղուած է ծառայելու Տիրոջ եւ յանձն առնելու գործունեայ կեանք մը։ Այն պահուն, ուր կը գիտակցինք, թէ Աստուած որքա՛ն տուած է մեզի՝ մեր անձէն հրաժարումի ճանապարհը կը վերածուի առանձնաշնորհեալ կեանքի մը՝ ի պատասխան Աստուծոյ մեծ սիրոյն»։ Սրբազան Պապը զգուշացուց սակայն, որ պէտք չէ յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտութիւն ըլլան չափանիշ առաքելական գործունէութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.