2015-09-24 17:53:00

Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը անօճախներու եւ աղքատներու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 24 սեպտեմբերի  յետմիջօրէին, Ուաշինկթընի ժամով 11.15-ին (Հռոմի ժամով 17.15-ին)  Ֆրնանչիսկոս Պապ այցելեց  Սան Փաթրիք եկեղեցւոյ բարեսիրական կեդրոնը ուր 200 անտուն աղքատներ՝ ընկերակցութեամբ կեդրոնի տեսուչին հիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը որ այս  առթիւ, կեդրոնի մատրան եւ սեղանատան օրհնութիւն կատարելէ ետք  պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն, որուն մէջ  մատնանշելով Սուրբ Յովսէփի անձին, որ դիմագրաւեց մեծ դժուարութիւններ երբ իր Նորածին` Աստուծոյ Զաւակ մանուկ Յիսուսին համար հիւրնկալող տուն մը չի գտաւ։

Սուրբ Յովսէփի դժուարութիւնները ներկայ են  շատ մը անձերու կեանքին մէջ։ Կան բազմաթիւ հարցադրանքներ, որոնցմէ  շատեր ամէն օր կրնանք կրկնել`  ''ինչո՞ւ համար անտուն ենք'' ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով  Սուրբ Յովսէփի հաւատքին։  Ան – ըսաւ Սրբազան Պապը -  հաւատքի մարդ էր,  հաւատքը լուսաւորեց  Անոր խաւար պահերը։  Շնորհիւ իր հաւատքին, Սուրբ Յովսէփ գիտցաւ յառաջ ընթանալ երբ՝ ամէն ինչ անոր անշարժ կը թուէր։

Հաւատքը, հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, մեզի կ՝ըսէ, թէ Տէրը, մեր տառապանքներուն մէջ մեզի կ՝ընկերանայ,  Ան մեր մօտ կ՝ապրի։  Ան, մեզմէ  ոչ միայն կը խնդրէ ըլլալ զօրակից տառապողներուն հետ,  այլ մեզի կը շնորհէ իր օժանդակութիւնը, բարեկամութիւնն ու Սէրը։ Ան՝ ներկայ է մեր մէջ  կը բախէ մեր դուռը ու մեզմէ կը խնդրէ բարիք ընել։

Ան՝ նոյնացաւ բոլոր  տառապողներուն  ու ողբացողներուն հետ։  ՝՝Որովհետեւ անօթի էի զիս կերակրեցիք, որովհետեւ ծարաւի էի զիս յագեցուցիք, որովհետեւ պանդուխտ էի եւ  զիս ընդունեցիք''։

Հաւատքը մեզ կ՝առաջնորդէ Աստուծոյ լուռ ներկայութեան իրաքանչիւրիս մէջ ու Անոր ներկայութիւնը մեզ կը մղէ դէպի եղբայրսիրութիւն որ ծնունդ կ՝առնէ Աստուծոյ  կոչէն՝ որ չի  դադրիր մեր եւ բոլորին դուռերը բախելէն,  հրաւիրելու մեզ սիրոյ, կարեկցութեան ու մէկը միւսին նուիրուելու։

Յիսուսի հետ կապի մէջ մտնելու ու Անոր ներկայութիւնը զգալու արդիւնաւէտ ձեւերէն մին է Աղօթքը։ Հոն կը հանդիպինք Հօր Աստուծոյ, կը հանդիպինք որպէս եղբայրներ, Աղօթքին մէջ կը գտնենք ուժը դիմադրելու անարդար կացութիւններուն, աղօթքին մէջ կը վերագտնենք ուրիշներուն կարիքները  ու մէկը միւսին փոխադարձ օգնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ եւ Ուրախութիւնը` Յիսուսի հետ ըլլալուն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.