2015-09-24 08:43:00

Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի պաշտօնական այցելութիւնը Գարեգին Բ Կաթողիկոսին


23 սեպտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի: Ասիկա նորընտիր պատրիարքին առաջին այցելութիւնն էր Հայաստան եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորած է Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը` ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով եւ անոր մաղթած է արգասաբեր ծառայութիւն:

Իր խօսքին մէջ ան գնահատանքով ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանեայց առաքելական եւ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերելք կ՛ապրին եւ յատկանշուած են սերտ համագործակցութեամբ:

Այս առիթով Ամենայն Հայոց հայրապետը գոհունակութեամբ յիշած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ 12 ապրիլին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագը եւ պապին կողմէ արտասանուած ուղերձը` մարդկութեան կեանքին մէջ նորանոր ոճիրներու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վերաբերող: Ան հաստատած է, որ համաշխարհային զարգացումներու արդի պայմաններուն մէջ եկեղեցիները արդարութեան ուղին կրնան հարթել միմիայն միացեալ  ջանքերով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ աղօթքով:

Իր կարգին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին` իր ընտրութեան առիթով յղուած շնորհաւորական ուղերձին եւ մաղթանքներուն համար: Զրոյցին ընթացքին Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը նշած է, որ պիտի ջանայ ուժերու ներածին չափով իր հոգեւոր փորձառութիւնը ծառայեցնել ի շահ իր հօտին, ինչպէս նաեւ զօրացնել յարաբերութիւնները Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հետ:

Հանդիպման ներկայ եղած են Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Մայր աթոռի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեան եւ Մայր աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Շահէ վրդ. Անանեան:

Աղբիւր. Հայ Առաքելական Եկեղեցու տեղեկատուական համակարգ








All the contents on this site are copyrighted ©.