2015-09-23 19:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ԱՄՆի եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 23 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆի եպիսկոպոսներուն հետ եւ անոնց ուղղեց պատգամ մը։

Պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց յատուկէն ողջունել Հրեայ եղբայրները որոնք կը տօնախմբեն Հրէական Քիփուրը տօնը ու անոնց փոխանցեց ամենաբարի մաղթանքներ։

Ֆրանչսիկոս Պապ ապա ըսաւ.“Քահանայապետի սիրտը կ՛ընդարձակուի՝ ներգրաւելու բոլորը,  ընդարձակել սիրտը՝ վկայելու համար, որ Աստուած մեծ է Իր սիրոյն մէջ՝ Պետրոսի Յաջորդին եւ Յիսուսի Փոխանորդին առաքելութեան էութիւնն է. Յիսուսի, որ խաչին վրայ ամբողջ մարդկութիւնը գրկեց։ Թող Քրիստոսի Մարմնոյն եւ Ամերիկայի ժողովուրդին ոչ մէկ անդամը ինքզինք մերժուած զգայ Քահանայապետի ընդգրկումէն։ Ամենուրէք, ուր շրթներուն վրայ կը ծաղկի Յիսուսի անունը, այնտեղ թող վերահնչէ նաեւ Քահանայապետի ձայնը, ապահովեցնելու՝ թէ “Ան է Փրկիչը …Ուրախ եմ ձեր Եկեղեցւոյ անսանձելի յանձնառութեան համար՝ ի նպաստ կեանքի եւ ընտանիքի, որ իմ այս այցելութեանս առաջնահերթ դրդապատճառն է”։

Իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց ԱՄՆի Եկեղեցւոյ տարած աշխատանքները, գաղթականներու հարցի նկատմամբ եւ դաստիարակչական մարզի վրայ, “հերոսական” որակեց աղքատներու հանդէպ կատարուած նպաստները։

“Ձեզի կը խօսիմ իբր Հռոմի եպիսկոպոս, արդէն ծեր տարիքին՝ Աստուծոյ կողմէ կոչուած սոյն ամերիկեան ցամաքամասէն, պահպանելու համար Տիեզերական Եկեղեցւոյ միութիւնը եւ քաջալերելու բոլոր տեղական Եկեղեցիներու ճանապարհը՝ սիրոյ մէջ, որպէսզի յառաջդիմեն Քրիստոսի ճանաչումին, հաւատքին եւ սիրոյն մէջ … Առանձին չէ որ ձեզի կը խօսիմ։ Իմ ձայնս Նախորդներուս ձայնին շարունակականութեան մէջն է … Չեմ եկած ձեզ դատելու եւ ոչ ալ ձեզի դասեր տալու։ Ամբողջութեամբ կը վստահիմ Անոր ձայնին, որ ’ամէն ինչ կ՛ուսուցանէ’։ (հմմտ. Յովհ ԺԴ. 26) Չեմ ուզեր ձեզի ըսել թէ ինչ պէտք է ընէք, որովհետեւ բոլորս գիտենք, այն ինչ որ Տէրը մեզմէ կը պահանջէ … Առանց սպառիչ ըլլալու պնդումին, կը բաժնեկցիմ ձեզի հետ քանի մը խորհրդածութիւններ, որոնք ձեր առաքելութեան համար յարմար կը դատեմ։”

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հոգեւոր այս տրամադրութեամբ անդրադարձաւ եպիսկոպոսներու հովուական կոչման պատասխանատուութեան եւ հովուելու հրամայականին, Աստուծոյ սիրոյն վկայութեան՝ ցուցաբերուած բարի գործերով, եպիսկոպոսներու կատարած գնահատելի աշխատանքին՝ աւետարանումի գործունէութեան եւ այդ մարզի մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ, եպիսկոպոսներու ինքնութեան էութեան՝ աղօթքի եւ Քրիստոսի հետ սերտ միութեան մէջ,  անվարան եւ անվախ աւետարանումի, խոնարհ Յիսուսի նմանութեան, միութեան ի նպաստ տարուած եպիսկոպոսական առաքելութեան եւ ծառայութեան, եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու յարաբերութեան, ներկայի բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն՝ դրսեւորուած անծին մանուկներու վիժումի, պատերազմներու, անարդարութեան, կենսոլորտի ապականումի, եւ մարդու արդարութեան եւ կենսոլորտի հանդէպ յանձնառութեան եւ պատասխանատուութեան մէջ։

Սրբազան Պապի պատգամը յստակ էր եւ մեկին՝ ինչպէս ան իր պատգամի աւարտին շեշտեց՝ “միայն Եկեղեցի մը, որ գիտէ հաւաքել ’կրակի’ շուրջ, կարող է նաեւ դէպի իրեն քաշել։ Ոչ որեւէ կրակ անշուշտ, այլ այն կրակը, որ լուցուած էր Յարութեան առաւօտը։ Յարուցեալ Տէրն է, որ կը շարունակէ կը մղէ Եկեղեցւոյ Հովիւները՝ ուշադիր ըլլալու   բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու ամչկոտ ձայնին՝ “ուտելու բան մը ունի՞ք”։ Հարցը Անոր ձայնը ճանչնալու մէջ է, ինչպէս Առաքեալները Տիբերական ծովուն վրայ կատարեցին։ (հմմտ. Յովհ ԻԱ. 4-21) Առաւել եւս վճռական է ապաւինիլ այն ապահովութեան՝ որ իր ներկայութեան խարոյկը, վառուած չարչարանքներու կրակին վրայ, մեզ կը կանխէ եւ երբեք չի մարիր։ Այդպիսի ապահովութեան մը նուազումով՝ վտանգ կը սպառնայ որ վերածուինք մոխիր սիրողներու, եւ ոչ՝ ճշմարիտ լոյսի եւ սրտերը տաքցնելու ատակ ջերմութեան պահապաններու եւ մատակարարողներու”։ (հմմտ. ԻԴ. 32)

Քրիստոսի սիրոյ եւ ջերմութեան այս սկզբունքով է, որ Սրբազան Պապը դիմեց եպիսկոպոսներուն ըսելով՝ “Եկեղեցւոյ Հովիւներ ենք, հաստատուած Աստուծոյ կողմէ՝ արածելու Իր հօտը։ Մեր մեծագոյն ուրախութիւնն է՝ ըլլալ Հովիւներ, ուրիշ ոչ մէկ բան բայց եթէ Հովիւներ, անբաժան սրտով եւ անձի անյետսկոչելի յանձնառութեամբ։ Պէտք է պահպանել այս ուրախութիւնը առանց թոյլ տալու, որ զայն կողոպտեն։ Չարը կը մռնչէ առիւծի նման՝ հօտը բզկտելու առիթ փնտռելով, այսպէսով՝ քանդելով այն բանը, որուն կոչուած ենք ոչ մեր անձի արժանիքով, այլ Հոգիներու Հովիւի եւ Տեսուչի (Ա. Պետր Բ. 25) շնորհքով եւ Անոր իբր ծառայութեան համար։

Մեր ինքնութեան էութեան կը նկրտինք ժրաջան աղօթքի, քարոզութեան (հմմտ. Գործք Զ. 4) եւ արածելու (հմմտ. Յովհ. ԻԱ. 15-17, Գործք Ի. 28-31) մէջ … Ոչ վարդապետական սկզբունքներու խրթին քարոզութեամբ, այլ Քրիստոսի ուրախ աւետարանումով, որ մեզի համար մահացած եւ յարութիւն առած է … Կարեւոր է խոնարհինք, վար իջնենք՝ կարենալ սնուցանելու համար Աստուծոյ ընտանիքը՝ Քրիստոսով … Օգտակար է եպիսկոպոսի մը համար՝ ունենալ ղեկավարի մը հեռատեսութիւնը եւ մատակարարի մը խորագիտութիւնը, սակայն՝ անարգել կերպով կը քայքայուինք՝ եթէ զօրութեան կարողութիւնը կը փոխարինենք կարեւորութեան զօրութեամբ, որուն միջոցաւ Տէրը մեզ փրկեց։ Եպիսկոպոսին համար կարեւոր է ըմբռնել՝ այս աշխարհի վրայ տարուող պայքարը՝ լոյսի եւ խաւարի միջեւ։ Վայ մեզի, եթէ Խաչը վերածենք աշխարհային պայքարներու նշանի՝ մոռնալով, որ կայուն յաղթանակի նախապայմանն է՝ ինքզինք խզել եւ դատարկել անձնական եսէն։ (Փիլ Բ. 1-11) Անծանօթ չէ մեզի առաջին տասնեւմէկ առաքեալներուն տագնապը՝ փակուած իրենց պատերուն մէջ, սարսափի եւ անձկութեան մէջ, ցրիւ եկած հօտի պատճառով, որովհետեւ Հովիւը հարուածուած էր։ Սակայն գիտենք, որ մեզի տրուած է քաջութեան, եւ ոչ թէ երկիւղի հոգին։ Հետեւաբար պէտք չէ անդամալուծուիլ վախի պատճառով”։

Սրբազան Պապը ապա խորացաւ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մէջ, յորդորելով՝ որ եպիսկոպոսները վախ չունենան բացուելու երկխօսութեան։ Հարկաւոր նկատեց սորվիլ Յիսուսէն, առաւել եւս սորվիլ, ճանչնալ Յիսուսը՝ հեզ եւ խոնարհ, եւ թափանցել անոր հեզութեան եւ խոնարհութեան մէջ՝ իր գործելակերպի խորհրդածութեամբ։

“Մեր եպիսկոպոսական առաքելութիւնը հիմնականին միութիւնը ամրապնդելն է, որուն բովանդակութիւնը սահմանուած է Տիրոջ Խօսքով եւ Երկնքէն իջած միակ Հացով, որուն հետ մեզի վստահուած Եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը կը մնայ Կաթողիկէ, բաց եւ հաղորդակցութեամբ բոլոր տեղական Եկեղեցիներուն եւ Հռոմի Եկեղեցւոյ հետ, որ կը “նախագահէ սիրով”։ Հրամայական մըն է հոգ տանիլ այդ միութեան, պահպանել զայն, օժանդակել անոր, անոր վկայութիւն տալ իբր նշան եւ միջոց, որ ամէն խոչընդոտէ անդիին, կը միացնէ ազգեր, ցեղեր, դասակարգեր եւ սերունդներ”։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ այստեղ լայնօրէն անդրադարձաւ այս առաքելութեան, որ պէտք է տարածուի բոլոր մարզերու վրայ՝ բարոյական պատասխանատուութեան հրամայականով։

Ներկայի հարցերը մարտահրաւէր կը կարդան Եկեղեցւոյ։ “Մեր ընկերութեան ազատութեան եւ արժանապատուութեան ապագան կախում ունի այն կերպէն, որով կը գիտնանք պատասխան տալ այդպիսի մարտահրաւէրներու”։ Ապա Սրբազան Պապը նկատեց “Վիժումի անմեղ զոհերը, եւ երեխաներ որոնք կը մահանան անօթութենէն եւ կամ ռումբերու տակ, ապա գաղթականներ, որոնք խեղդամահ կ՛ըլլան ապագայի մը փնտռտուքով. ծերեր եւ կամ հիւանդներ. ահաբեկչութեան, պատերազմի, բռնութեան եւ թմրանիւթի վաճառքի զոհեր. կենսոլորտը՝ աւերուած մարդու գիշատիչ վերաբերմունքէն – այս բոլորին մէջ Աստուծոյ վտանգուած է Աստուծոյ պարգեւը, որուն տնտեսներն ենք մենք եւ ոչ տէրերը։ Պէտք չէ խուսափիլ այսպիսի հարցերէ եւ լռել”։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը Տիրոջ պատուէրն է։ Եկեղեցին պէտք է վկայ ըլլայ Սուրբ Աւետարանին։ “Այս վկայութիւնը ոչ միայն արտաքին կոչերու եւ քարոզութիւններու մէջ է, այլ պէտք է նաեւ մարդոց սրտերուն եւ ընկերութեան խղճին մէջ տեղ գրաւել։”

Սրբազան Պապը իր խօսքը եզրափակելէ առաջ յանձնարարութիւն տուաւ երկու խնդիրներու շուրջ, որոնք իր “սրտին մօտիկ” են։ “Նախ, իբր Հովիւներ, եղէք մօտիկ ժողովուրդին, եղէք անոնց ընկեր եւ ծառայ … Երկրորդ յանձնարարութիւնը կը հայի գաղթականներուն”։ ԱՄՆի դռները միշտ բաց եղած են գաղթականներու։ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ անոնք շարունակեն այդ մարդասիրական կեցուածքը։ Ան աւարտեց ըսելով՝ “կու գամ ոչ միայն իբր Հռոմի եպիսկոպոս, այլ իբր հովիւ՝ եկած հարաւէն՝  կը զգամ կարիքը շնորհակալութիւն յայտնելու ձեզի եւ քաջալերելու ձեզ”։








All the contents on this site are copyrighted ©.