2015-09-23 09:51:00

Քալիֆորնիա նահանգի քարոզիչ Երանելի Ճունիփերօ Սէրրա


24 սեպետմբեր 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապը Ուաշընկթոնի Անարատ Յղութեան ազգային սրբավայրին մէջ Սուրբ կը հռչակէ Քալիֆորնիա նահանգի քարոզիչ Երանելի Ճունիփերօ Սէրրան։

Քալիֆորնիա նահանգի քրիստոնէական քարոզչութեան առաքեալ, Երանելի Ճունիփերօ Սէրրա ծնած է 24 նոյեմբեր 1713-ին, Պալէարեան կղզիներու Մայորքա քաղաքին մէջ։  Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ, քահանայ կը ձեռնադրուի 15 սեպտեմբեր 1731-ին։

Հայր Ճունիփերօ՝ ընկերակցութեամբ իր աշակերտին՝ Ֆրանչիսկոս Փալուի, առաքելութեամբ կը մեկնի Ամերիկա, եւ 1750-ին կը հաստատուի Մէքսիքոյի Սուրբ Ֆէրտինանտօ անուան Առաքելական վարժարանին մէջ։

Ամերիկայի բնիկներու աւետարանումին ի սպաս կամզաւորում ստանալէ եւ անոնց լեզուն սորվելէ ետք կը մեկնի Մեքսիքոյի  Ճալփան քաղաքը ուր կը կառուցէ տաճար մը։

Զանազան աղօթքներու եւ Աւետարանի` բնիկներու լեզուով թարգմանութեամբ՝ սկիզբ կու տայ աւետարանումի առաքելութեան։

1767-ին Քալիֆորնիա նահանգին մէջ, Յիսուսեան միաբանութեան վտարումէն ետք, Երանելի Ճունիփերօ, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան կողմէ կ՝անուանուի Քալիֆորնիա նահանգի տեսուչ եւ անոր կը յանձնուի աեւետարանումի գործունէութիւնը։

Ան Քալիֆորնիայի մէջ թափ կու տայ քրիսոնէական քարոզչութեան։ 1769-ին կը հիմնէ Սան Տիէկոյի առաջին միսինորական կեդրոնը, շարունակելով հիմնել այլ առաքելական կեդրոններ Քալիֆորնիա նահանգի զանազան քաղաքներու մէջ։

Երնաելի ճունիփերօ եղած է Քալիֆորնիա նահանգի բնիկներու աւետարանումի գլխաւոր դերակատարը։ Իր հիմնած միսիոնարական կեդրոններուն տուած անուններէն յառաջ եկած են Քալիֆորնիա նահանգի գլխաւոր քաղաքներու՝ Սան Ֆրանսիսքօ, Սան Տիէկօ, Լոս Անճըլըս անունները։

Ան Ամերիկայի բնիկներու կողմէ նկատուած է որպէս հայր եւ յարգուած է որպէս ազգային հերոս։ Հայր Ճունիփերօ երանելի հռչակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով, 25 սեպտեմբեր 1988-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.