2015-09-23 10:51:00

Նախարար Նալբանդեան տեսակցած է Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարք Կաթողիկոսին հետ։


22 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:

Նախարար Նալբանդեան ընտրութեան առիթով ջերմօրէն շնորհաւորած է հոգեւոր տէրը: Յաջողութիւն մաղթելով Գրիգոր Պետրոս Ի.-ին` իր վեհ առաքելութեան մէջ, նախարարը նշած է. «Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան ըլլալու ժամանակահատուածին ձեզի հետ Փարիզի մէջ երկար տարիներ սերտօրէն գործակցելու բարեբախտութիւնն ու պատիւը ունենալով` անձամբ ականատես եղած եմ ձեր արգասաբեր գործունէութեան իբրեւ Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ»:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Ս. պատարագին կարեւորութեան եւ անոր կողմէ յղուած ուղերձին, որ ինքնին հայ ժողովուրդին հետ համերաշխութեան եւ զօրակցութեան կարեւոր դրսեւորում էր, եւ աջակցութիւն` մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միտող միջազգային հանրութեան ջանքերուն:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ կատարուող նախաձեռնութիւններուն մասին` ընդգծելով Հայաստանի եւ սփիւռքի կառոյցներուն սերտ համագործակցութեան եւ ջանքերու համադրման կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.