2015-09-23 10:31:00

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի զրոյցը Վատիկանի Ռատիօ Կայանին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի Միացեալ Նահանգներ կատարած Առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, վատիկանի Ձայնասփիւռի կայանը  հարցազրոյց կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին Գործոց նախարար Ճոն Քերրիին հետ։

Հարցազրոյցին ընթացքին Ժոն  Քերրի անդրադառնալով Վատիկանի եւ Քուպայի միջեւ կայացած բարի եւ արդիւնաբեր յարաբերութիւններու մասին, երախտագիտութիւն յայտնած է   Սուրբ Աթոռի ունեցած  կարեւոր  դերակատարութեան՝ վերջերս Քուպայի եւ Միացեալ նահանգներու միջեւ  դիւանագիտական  կապերու վերահաստատման ի խնդիր։

Քէրրի յայտնած է  նաեւ թէ Սուրբ Աթոռի եւ ԱՄն-ի միջեւ սոյն համագործակցութիւնը  պիտի շարունակուի դիմագրաւելու համար ներկայ եւ ապագայի գաղթականներուն հարցերը,  Կլիմայի  փոփոխութեան անկայունութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ  միջ-կրօնական երկխօսութիւնը, յառաջացնել մարդկային իրաւունքներու զարգացումը եւ կանխարգիլել մարդավաճառութեան երեւոյթը։

Եւրոպա ներխուժած գաղթականներուն հոսանքին  հարցին ակնարկելով, Ամերիկիոյ դիւանգետը յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած են Միջերկրական ծովուն մէջ տեղի ունեցող մարդկային կորուստներուն ի տես,  շեշտելով  թէ, մարդկային գետնի վրայ , գաղթականութեան հարցը Սուրբ Աթոռի եւ Միացեալ նահանգներու սրտի  խօսող կարեւորագոյն  հարցերէն մին է։ Եւրոպայի մէջ գաղթականներուն տագնապը կարիքը ունի ցամաքամասի բոլոր երկիրներու համագործակցութեան։

Քէրրի ապա ողջունելով Եւրոպական երկիրներուն գաղթականներու հարցով ի գործ դրուած ջանքերը , յայտնեց, թէ Սուրիոյ Տագնապի սկիզբէն ի վեր, Միացեալ նահանգները 4.1 միլիարտ  դրամարժեքով օժանդակած են  Սուրիոյ գաղթականներուն, որոնցմէ  4 միլիոն գաղթականներ ապաստան գտած են Լիբանան, Յորդանան, Թուրքիա, Իրաք  եւ Եգիպտոս։

Գաղթականներու հարցի առընչութեամբ Քէրրի յայտնած է նաեւ թէ  Միացեալ Նահանգներ վերջերս յանգած է որոշումի մը , թէ 2016 թուականին  Ամերիկոյ մէջ պիտի  հիւրընկալեն 10.000 գաղթական Սուրիացիներ։

Ապա Քերրի, Սուրիոյ պատերազմը  որակած է որպէս մարդկային եւ ապահովութեան տագնապ, յայտնելով թէ Միազեալ Նահանգներու եւ միջազգային դաշինքի մաս կազմող  60 երկիրներուն  սերտ համագործակցութեամբ պիտի հասնին հասարակաց նպատակին որ է  ստորադասել եւ յաղթահարել ՏԱՀԵՇ-ը ու վերջ դնել Սուրիոյ մէջ ընդհարումին՝  քաղաքական իշխանոփոխութեամբ։

Անդրադառնալով ապա վերջերս Ռուսիոյ` Ասատին ցուցաբերած զինուորական աջակցութեան, Քէրրի ըսաւ  թէ այս մասին խօսած է   Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ եւ անոր փոխանցած է Ամերիկիոյ մտահոգութիւնը թէ այս մէկը կրնայ Սուրիոյ մէջ յաւելեալ անմեղներու կեանքի կորուստի պատճառ դառնալ  ու նպաստել  գաղթականներու թիւի աճումին,  անհրաժեշտ նկատելով Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները՝ շրջանցելու համար անհասկացողութիւնները։

Քէրրի ապա խօսեցաւ  աշխարհին մէջ անարդարութեան եւ աղքատութեան աճումի  մասին  յայտնելով թէ շատեր  ներշնչուած են Ֆրանչիսկոս Պապի աղքատներու եւ գաղթականներուն ի սպաս զօրակցութեան յորդորէն ։

Սուրբ Աթոռը եւ Միացեալ նահանգներ համախոհ են  թէ բոլոր անձերը ունին միեւնոյն արժանապատուութիւնն  ու  արժէքը եւ այս ուղղութեամբ  է որ  պէտք չէ ջանք խնայուի օգնութեան հասնելու համար իւրաքանչիւր մարդ էակին։

Քէրրի ապա ընդհանուր  ակնարկ կատարած է, Policy Directive on Global Developmen, ծրագրին մասին յայտնելով  թէ միջազգային զանազան  երկիրներուն կրօնական հաստատութիւններու համագործակցութեամբ, կը խորհին  թէ  նորակերտ ծրագիրներու ձեռքբերումով, լուծումներ պիտի գտնուին  կենսոլորտի ապահովութեան հասարակաց խնդիրներուն։

Քէրրի ապա  խանդավառութիւն յայտնելով յառաջիկայ շաբաթ, ՄՄԿ –ի մօտ գումարուելիք վեհաժողովի նկատմամբ եւ անդրադառնալով Փարիզի մէջ կայանալիք, կենսոլորտի կլիմայական փոփոխութեան վեհաժողովին յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապի  կենսոլորտի պահպանման ''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերական  թուղթը դրական ազդեցութիւն ունի այս առընչութեամբ։ Ան ապա յոյս յայտնեց որ համայն աշխարհը կարենայ վերջնական համաձայնութեան մը  յանգիլ, կազի սպառումի նուազումի շուրջ ­  եւ այս մէկը  պատմական հսկայ քայլ  մը պիտի հանդիսանայ  եթէ սոյն համաձայնութիւնը յարգուի  բոլոր երկիրներու կողմէ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.