2015-09-23 09:15:00

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Սանտրի կը մեկնի Հայաստան։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը, երեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին, հրատարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ թէ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը  կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, 23 – 28 սեպտեմբեր կը մեկնի Հայաստան։ 
Կարդինալ Սանտրին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կողմէն նշանակուեցաւ որպէս իր ներկայացուցիչը մասնակցելու համար  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ,  յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին կայանալիք,   Միւռոնօրհնէքի արարողութեան։ Արարողութիւն մը որ կը կրկնուի ամէն եօթը տարին անգամ մը ի ներկայութեան առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասին ու համայն աշխարհէն ժամանած համամիութենական պատուիրակութիւններուն։
Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն բացի Կարդինալ Սանտրիէն, Հայաստանի մօտ Պապական Նուիրակ` Գերապայծառ Մարէք Սոլչինսքի, Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի անդամ գերապայծառ Կապրիէլ Քուիք ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի յանձնակատար Հայր Ֆլավիօ Փաչէ։
Մայր Աթոռ ս Էջմիածնի` եկեղեցիներու հետ յարաբերութեան  բաժանմունքի հրատարակած յայտագիրը կը նախատեսէ. շաբաթ, 26 սեպտեմբերի յետմիջօրէին համամիութենական արարողութիւն։ Կիրակի 27 սեպտեմբերի առաւօտեան, էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ ապա յետմիջօրէի ժամը 5-ին միւռոնօրհնէքի սրբազան արարողութիւնը զոր կը կատարուի Մայր Աթոռի բացօթեայ խորանին մօտ։
Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի հաղորդագրութիւնը ապա կը նշէ թէ Կարդինալ Սանտրի Հայաստան կեցութեան ընթացքին, պիտի այցելէ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը։ Այս ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 24 սեպտեմբերին, Գիւմրիի մէջ,  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ միասին պիտի նախագահէ  ''Սրբոց նահատակաց'', Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան, առաջին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։  
Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդութիւնը ստեղծուած է 1991-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով, երբեմնի Սովետական Միութեան երկիրներու Հայ Կաթողիկէ հաւատաւորեցնելու հոգ հոգւոցին ի նպաստ։ 
24 սեպտեմբերի յետմիջօրէին բացումը  պիտի կատարուի  նաեւ  անկարներու վերապահուած կեդրոնատեղիին որուն կառուցումը կարելի է  եղած է Հայաստանի Քարիթասին ջանքերով, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ  Քարիթասի եւ Եւրոպական այլ հաստատութիւններու համագործակցութեամբ։
Ուրբաթ, 25 սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Կարդինալ Սանտրին եւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի - Հանգուցեալ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին յիշատակին -  պիտի պարգեւատրէ հանրապետութեան շքանշանով։ 
Հայաստան կեցութեան ընթացին կարդինալ Սանտրին պիտի այցելէ  նաեւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած Սուրիացի Հայ գաղթականներու կեդրոններ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ հաստատութեան պատկան դպրոցներ ու կազմակերպութիւններ որոնց շարքին` Երանելի Քալքութայի Մայր Թերեզայի միաբանութեան տունը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.