2015-09-22 09:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Ֆիլատելֆիայի ընտանիքներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 22 սեպտեմբեր 2015-ին Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ ընտանիքներու 8-րդ համաշխարհային հաւաքը որուն վերջին երկու օրերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, որ աւարտելով Քուպայի իր հովուական այցելութիւնը այսօր կ՛անցնի Ուաշինկթըն սկիզբ տալով 10-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանին` Միացեալ Նահանգներու հովուական այցելութիւնը որ պիտի եզրափակուի յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին` Ֆիլատելֆիայի մէջ, Ընտանիքներու 8-րդ համաշխարհային հաւաքի փակման արարողութեամբ։

Այս առթիւ, 21 սեպտեմբերին `Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական հակիրճ պատգամ մը յղած է Ֆիլատելֆիայի մէջ համախմբուած ընտանիքներուն որուն մէջ յայտնած է ''Անհամբեր կը սպասեմ ողջունել ուխտաւորներն ու Ֆիլատելֆիայի բնակչութիւնը, Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքին առթիւ։ Հոն պիտի գամ որովհետեւ դուք այնտեղ էք։ Կը հանդիպինք Ֆիլատելֆիայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.