2015-09-22 14:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը ''Վիրճէն Տէլա քարիտատ'' Քոպրէյի Տիրամօր սրբավայրին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ, Երեքշաբթի, 22 սեպտեմբերին, Քոպրէյի Սիրոյ Տիրամօր սրբավայրին մէջ Սուրբ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց՝ մեկնելով օրուան Սուրբ Աւետարանի պատգամը։

Ամէն անգամ որ Տէրը մեզ կ։այցելէ, մեր աչքերուն առաջ շարժում կը յառաջացնէ, մեզ տունէն դուրս կը բերէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցուածը կը պատմէ՝ թէ “Յիսուսի մօտ եկան իր մայրն ու եղբայրները եւ չէին կարողանար անոր մօտենալ բազմութեան պատճառով։ Իմացուցին Յիսուսի եւ ըսին. ’Քու մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսը կանգնած են եւ կ։ուզեն քեզ տեսնել’։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. ’Իմ մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն են կը կատարեն’“։ (Ղուկ Ը. 19-21)

Այստեղ կը տեսնենք Մարիամ, Յիսուսի առաջին աշակերտուհին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Երիտասարդ աղջիկ էր ան, երբ Տէրը իրեն այցելեց, եւ աւետեց, որ Փրկչին մայրը պիտի ըլլայ։ Մարիամ չակնկալեց որեւէ պատիւ եւ յատուկ վերաբերմունք ուրիշներու կողմէ։ Ընդհակառակը, ան ճամբայ ելաւ եւ Եղիսաբեթի այցելութեան գնաց։ Եթէ ունենանք գիտակցութիւնը, որ Աստուած մեզի հետ է, ուրախութիւնը մեր սիրտը պիտի արթնացնէ, մեզ շարժումի պիտի դնէ, մեզ դուրս պիտի քաշէ եւ մեզ առաջնորդէ՝ մեր ստացած ուրախութիւնը ծառայութեան եւ անշահախնդիր նուիրումով բաժնեկցելու՝ ի տես բոլոր անհաճոյ պայմաններուն, որուն ենթարկուած են մեր դրացիները եւ ազգականները։ Սուրբ Աւետարանը կը պատմէ, թէ Մարիամ աճապարեց առանց հապճեպի եւ իրարանցումի, սակայն վճռակամ եւ հետեւողական քայլերով՝ փութով Եղիսաբեթի մօտ ըլլալու։

Այդ օրէն սկսեալ, այս կեցուածքը Մարիամի մասնաւոր յատկութիւններէն մին է։ Ան միշտ այցելեց այր մարդիկ, կիներ եւ երեխաներ, ծերեր եւ երիտասարդներ։ Ան հովանաւորեց այն բոլոր անհատներուն պայքարը, որոնք իրենց զաւակներու իրաւունքի պաշտպանութեան համար կը տառապին։

Նաեւ Քուպան Անոր մայրական ներկայութեան փորձառութիւնն ունեցած է։ Ձեր հայրենիքը մէջտեղ եկաւ եւ աճեցաւ Գթասիրտ Կոյսի ջերմութեան եւ պաշտամունքին մէջ։ ’Տիրամայրը քուպական ոգիին յատուկ նկարագիր շնորհեց - ինչպէս գրած են Քուպայի եպիսկոպոսները - ինչպէս նաեւ աստուածսիրութեան եւ ընտանիքի սիրոյ բարձրագոյն գաղափարականներ’։

Սրբազան Պապը ապա լայնօրէն անդրադարձաւ Քուպայի ժողովուրդի Աստուածածնի հանդէպ ունեցած ջերմեռանդութեան, եւ յիշեց իր ''Evangelii gaudium'' շրջաբերականի տողերը՝ “ամէն անգամ որ Մարիամի կը նայինք, վերստին կը հաւատանք քնքշութեան եւ սիրոյ մէջ եղած յեղափոխական ոգիին”։

Սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն մաղթեց Բարի Յոբելենական տարի ապա յարեց ''Թող Սուրբ Կոյսը ձեզ օրհնէ ու ձեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհէ այն ինչ որ առաւելապէս կը ցանկանաք ու այն բաները որոնց առաւելապէս կը կարօտիք։ Մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։ Շնորհակալութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.