2015-09-21 10:51:00

Սանթիակօ Տէ Քուպա Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սանթիակօ Տէ Քուպան որ կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին Քուպայի առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը, համարուած է  Քուպայի երկրորդ կարեւորագոյն քաղաքը Լա Հապանայէն ետք։

Անոր բնակչութեան թիւն է 400,000։Հիմնուած է 1514-ին, Տիէկօ Վէլազգէցի կողմէ, եւ եղած է Քուպայի մայրաքաղաք 1515 – 1607 թուականներուն։

Մանթիակօ Տէ Քուպայի մէջ հռչակաւոր է   Տիրամօր նուիրուած Վերափոխման տաճարը որ կառուցուած է 1520-ին։ Նշենք, թէ Սանթիակօ Տէ Քուպա կը պատրաստուի նշելու քաղաքին հիմնարկութեան յոբելենական 500-րդ ամեակը։

Սանթիակօ Տէ Քուպայի թեմը։

Սանթիակօ Տէ Քուպայի թեմը հաստատուած է  է 28 ապրիլ 1522-ին ։Կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւն է 254,300։

Ունի 16 ժողովրդապետութիւններ, 22 եկեղեցիներ, 15 թեմական քահանաներ, 34 կրօնաւորուհիներ։

 Թեմը ունի նաեւ դպրեվանք մը Սան Պազիլիօ Մանիօ անուան, հիմնուած է 1722-ին ու  նկատուած է քաղաքին ամենէն հին կրդական վայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.