2015-09-21 10:09:00

Յունաստանի Խորհրդարանական ընտրութիւններ. Սիրիզա դարձեալ յաղթական։


Կիրակի` 20 սեպտեմբեր 2015-ին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ, որոնք վերջին վեց տարուան ընթացքին իրենց տեսակին մէջ հինգերորդ էին:

Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած նախնական տուեալները ցոյց տուին, որ արմատական ձախակողմեան Սիրիզա կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 35 առ հարիւրը, իսկ պահպանողական Նոր Ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը` 28¬ը: Վերջինիս ղեկավարը անմիջապէս ընդունեց իր կուսակցութեան պարտութիւնը:

Նշեալ արդիւնքին լոյսին տակ, Սիրիզա պիտի չապահովէ խորհրդարանին մէջ աթոռներուն մեծամասնութիւնը եւ կառավարութիւն կազմելու համար կարիքը պիտի ունենայ գործընկերներու:

Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները հրաւիրուեցան, երբ Սիրիզա կուսակցութիւնը օգոստոսին կորսնցուց իր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, երբ Եւրոպական Միութեան հետ գոյացուց համաձայնութիւն մը տնտեսական սեղմումի շուրջ: Կուսակցութիւնը նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին խոստացած էր ընդդիմանալ այդ քաղաքականութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.