2015-09-20 11:44:00

Աստուծոյ ծառայ Հայր Ֆէլիքս Վարելա


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուծոյ ծառայ Հայր Ֆէլիքս Վարելա­ ծնած է Քուպայի մայրաքաղաք Լա Հապանա՝ 20 նոյեմբեր 1788-ին։

Մանուկ հասակին փափաք յայտնած է քահանայ ձեռնադրուելու։ Ան օժտուած էր սուր խելացութեամբ եւ ուշիմութեամբ։ 23 տարեկանին  ձեռնադրուած է քահանայ  Լա Հապանայի մայր տաճարին մէջ։ Քահանայական կեանքին ընթացքին՝ Սուրբ կեանք վարելով, գրաւած է հաւատացեալներուն  ուշադրութիւնը ։

Տասնեակ տարիներ դասաւանդած է Սուրբ Քարլօ անուան դպրեվանքին մէջ սատարելով  Քարայիպի կղզիի  գիտութեան եւ գրականութեան հարստութեան։

1823-ին, կը փոխադրուի Նիւ Եորք՝ ուր կը պահանջէ Քուպայի՝  անկախ եւ ազատ ազգ ըլլալու իրաւունքը, ոգեւորելով Քուպայի ժողովուրդը։

Նիւ Եորքի մէջ կը գործէ երեսուն տարիներ հիմնելով տասնեակ դպրոցներ, կառուցելով եկեղեցիներ եւ  զբաղելով յատկապէս գաղթականներով։

Կեանքի վերջին երեք տարիները կը յատկանշուին  հիւանդութեամբ, աղքատութեամբ եւ առանձնութեամբ։ 25 փետրուար 1853ին, Ֆլորիտայի մէջ, յաւերժապէս կը հեռանայ այս աշխարհէն։ Անոնք որոնք ճանչցած էին զինք կեանքի ընթացքին զայն սուրբ կը նկատեն։

1985-ին սկիզբ կը տրուի Անոր երանացման դատի գործընթացքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.