2015-09-20 10:50:00

''Աշխարհը ծարաւն ունի խաղաղութեան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աշխարհը ծարաւն ունի խաղաղութեան եւ մեծ կարիք կայ կամուրջներ կառուցողներու'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր հետ ճամբորդող 76 լրագրողներուն, դէպի Քուպա առաջնորդող թռիչքի ընթացքին։

Հակիրճ սակայն նշանակալից ելոյթ մը, նա մանաւանդ որ Քահանայապետը այս իր ճամբորդութեամբ պիտի այցելէ երկու երկիրներ` Քուպան եւ Միացեալ Նահանգները, որոնք տասնեակ տարիներու թշնամութենէ ետք, վերջերս ընդգրկեցին հաշտութեան ճանապարհը։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յայտնեց թէ քահանայապետութեան այս 10-րդ ճամբորդութիւնը  կը հանդիսանայ ամենաերկարը, Պրազիլ կատարած առաքելական ճամբորդութենէն մէկ օր աւելի, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն իրենց աշխատանքին համար։

Յայտնենք թէ նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապին ելոյթը, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին Քահանայապետին ներկայացուցած էր լրագրողներու կազմը ու իր խօսքին մէջ անդրադարձած էր խաղաղութիւն բառին։ Սրբազան Պապը ակնարկելով այդ բառին ըսաւ.''Խաղաղութիւնը։ Կարծեմ թէ աշխարհը այսօր ծարաւն ունի խաղաղութեան։ Կան պատերազմներ, գաղթականները կը փախչին, պատերազմէն, մահէն, կեանքի փնտռտուքով։ Այսօր շատ յուզուեցայ որովհետեւ Վատիկանէն չմեկնած Սանթա Մարթայի մուտքին ինծի բարի երթ մաղթելու եկած էր Սանթ Աննայի ժողովրդապետութեան մէջ հիւրընկալուած սուրիացի ընտանիքը։ Անոնց դէմքին մէջ յայտնի էր տառապանքը։ Խաղաղութիւն բառը...Ես ձեզի շնորհակալ եմ ձեր տածած աշխատանքին կամուրջներ կառուցելու համար, փոքր կամուրջներ, սակայն ամէն մի փոքր կամուրջ կը յառաջացնէ այլ կամուրջ մը որոնք միասնաբար կը դառնան խաղաղութեան մեծ կամուրջ։ Բարի ճանապարհ. Բարի աշխատանք. Աղօթեցէք ինծի համար։ Շնորհակալութիւն'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց իրեն ընկերակից ճամբորդները։








All the contents on this site are copyrighted ©.