2015-09-19 09:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Պուտաբէշտի մէջ Կրօնաւորական հաւաքի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կրօնաւորական կեանքի նուիրուած տարուայ առթիւ, 18-19 սեպտեմբեր 2015-ին, Պուտաբէշթի մէջ կը կատարուի յատուկ  ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու տեսուչներու դասին։

Հարիւրաւոր կրօնաւորական հասարակութիւններ Պուտաբէշտի մէջ կազմակերպած են հաւաք մը որուն բնաբանն է «Մենք Քու հետդ հանգիստ ենք»։

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, ուրբաթ, 18 սեպտեմբերին,  պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց հաւաքի մասնակիցներուն, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ իւրաքանչիւր անհատի, որ կը ծառայէ Աւետարանումին՝ ի սպաս եկեղեցւոյ եւ Հունգարիոյ հասարակութեան։

Կը խորհիմ ձեր մասին, մինչ՝ նեցուկ կը կանգնիք ժողովուրդին ակնկալութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն։ Կը խորհիմ ձեր ապրած միջավայրի մասին՝ դժուարութիւններով հանդերձ եւ յոյսի նշաններով։

Կը քաջալերեմ ձեզ հրճուելու՝ ուրախացողին հետ, ողբալու՝ լացողին հետ։ Կը քաջալերեմ ձեզ, Աստուծմէ խնդրելու բաց սիրտ մը՝ կարող կարեկցութեան, կարող ծունկի գալու մերձաւորի մարմնին եւ հոգիին վէրքերը խնամելու համար եւ փոխանցելու անոնց Աստուծոյ սփոփանքը։

Կը խորհիմ, թէ երկրի մը ամենէն շքեղ դիմագիծն է՝ Տիրոջ աշակերտներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, աշխարհական հաւատացեալներուն դիմագիծը, որոնք  առօրեայ կեանքին մէջ պարզութեամբ կ՝ապրին նման` բարի Սամարացիին, եւ կը փութան մերձաւորին վէրքերուն մօտ, որոնց ընդմէջէն կը ճանչնան Յիսուսի մարմինն ու այդ մարմնի խոցերը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին, կը մաղթեմ ձեզի ուրախութեամբ յարատեւել ձեր մատուցած ծառայութեան մէջ, վկայութիւն տալով համեստ կեանքի մը՝ անջատուած աշխարհի նիւթականութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.