2015-09-19 10:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռուստացուցային ելոյթը CNN կայանէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 18 սեպտեմբերին, CNN հաղորդատուական կայանը սփռած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի հեռուստացուցային կապը երիտասարդներու հետ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպած էր “Scholas occurrentes” կազմակերպութիւնը։

Scholas Occurrentes համաշխարհային ցանց մըն է, հիմնուած Վատիկանի մէջ 2013 թուականին։ Կազմակերպութեան նպատակն է՝ կապ հաստատել աշխարհի չորս կողմ գտնուող դպրոցներու եւ աշակերտներու միջեւ, կառուցելու “հանդիպման մշակոյթ” մը, բաժնեկցելու ծրագիրներ եւ օգնելու իրարու, յատկապէս աւելի կարիքաւոր դպրոցներուն։

CNNի հաղորդումին ընթացին՝ աշակերտներ, Նիւ Եորքէն եւ Հապանայէն, կապուած են Ֆրանչիսկոս Պապի հետ, որ պատասխանած է աշակերտներու հարցումներուն։ Սրբազան Քահանայապետ իր խօսքերուն մէջ անդրադարձած է երիտասարդներու՝ կենսոլորտի հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան։ Այս մարզին մէջ անհրաժեշտ է, որ երիտասարդներ գործունեայ կերպով մասնակցին կենսոլորտի հոգատարութեան։ Կարեւոր է հոգ տանիլ կեանքին, որովհետեւ կեանքը իր մէջ կը կրէ այլ կեանք մը։

Անդրադառնալով ԱՄՆի կողմէ Քուպայի վրայ դրուած արգելափակումին, Սրբազան Պապը յորդորեց, որ պէտք է կառուցենք կամուրջներ, եւ կամ բանանք զանոնք եւ պէտք է հրահրենք բարեկամութիւնը։

Հաղորդումի ընթացքին յիշուեցան նաեւ ղեկավարութեան եւ երեխաներու իրաւունքներուն հայող հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.