2015-09-19 09:37:00

Քահանայապետական Ողորմաբաշխ մարմնին հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջերս Վատիկանի Սրբուհի Աննա  ժողովրդապետութեան թաղական խորհուրդը իր յարկէն ներս ընդունեց Դամասկոսէն չորս անդամներէն բաղկացած ընտանիք մը։ 

Քահանայապետական Ողորմաբաշխ մարմինը` ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուղղած կոչին ժողովրդապետութիւններու, վանքերու ու սրբավայրերուն մէջ ընդունելու սուրիացի ընտանիքներ, յանձն առաւ որդեգրել երկու ընտանիքներ։
Առաջին ընտանիքը ինչպէս ըսինք Դամասկոսէն փախած յոյն կաթողիկէ ընտանիք մըն է, որ արդէն Վատիկանի մէկ յարկաբաժնի մէջ կը բնակի։ Իսկ երկրորդ ընտանիքը հիւրը պիտի ըլլայ ս. Պետրոսի ժողովրդապետութեան։
Յայտնենք որ Ողորմաբաշխ քահանայապետական մարմինը իր այս նախաձեռնութեամբ կ’ուզէ ապրիլ աւետարանական եղբայրօգնութիւնը հանդէպ բոլոր անոնց որոնք պատերազմէն ու սովէն կը փախչին։ Նշենք նաեւ որ բազմաթիւ տարիներէ Հռոմի Պապերը` այս Ողորմաբաշխ քահանայապետական մարմնի միջոցաւ ամէն օր օգնութեան կը հասնին հազարաւոր մարդոց, ընչազուրկ կարօտեալներուն երաշխաւորելով սնունդ, խնամատարութիւն եւ օթեւան։








All the contents on this site are copyrighted ©.