2015-09-19 22:45:00

Սրբազան Պապը ժամանեց Քուպա ''Բարի գալուստի արարողութիւնը'' Լա Հապանայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 19 սեպտեմբերի տեղական ժամով 15-ին (Հռոմի ժամը 22-ին), Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Լա Հապանա ուր զինք դիմաւորեցին Քուպայի նախագահ` Ռաուլ Քասթրօ, Լա Հապանայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ժայմ Լուքաս Օրթեկա Էլ Ալամինօ եւ պետական ներկայացուցիչներ ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Նախագահ Քասթրոյի արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին եւ Քուպայի ժողովուրդին, իրեն յատկացուած հիւրընկալութեան համար։ Յատուկէն ողջունեց Հապանայի եւ Սանթիակօ տէ Քուպայի արքեպիսկոպոսները ու Նախագահէն խնդրեց, իր յատուկ ողջոյնը փոխանցել եղբօր՝ Ֆիտելին։

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց, թէ Սուրբ Աթոռի եւ Քուպայի յարաբերութիւնները կը բոլորեն իրենց 80ամեակը, եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ այս առիթով ան կ՛այցելէր այդ “սիրեցեալ Ազգը”, որուն իրմէ առաջ հովուական այցելութիւն տուած էին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Պենտդիկտոս ԺԶ. քահանայապետերը։

Այս տարի նոյնպէս կը կատարուի՝ Քոպրէի Սիրոյ Սուրբ Կոյսի՝ Քուպայի պաշտպան սրբուհի հռչակման 100ամեայ յոբելեանը։ Այդ հռչակումը կատարած էր Պենետիկտոս ԺԵ. Քահանայապետը, ընդառաջելով Քուպայի ազատագրական պայքարին մասնակցած զինուորներու խնդրանքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Քուպան իր աշխարհագրական դիրքով, արտակարգ արժէք մը ունի իբր “բանալի” հիւսիսի եւ հարաւի միջեւ, եւ հետեւաբար իր այս բնական կոչումով, պէտք է ըլլայ հանդիպման կէտ մը ժողովատներու բարեկամութեան։ Այստեղ ան յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի խօսքը՝ “թող Քուպան բացուի աշխարհին, եւ աշխարհը՝ Քուպային”։

Անդրադառնալով Քուպայի արգելափակման վերացումի գործընթացին, Սրբազան Հայրը նկատեց, որ այդ գործընթացը ցոյց կու տայ հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթի գերակշիռ դիրքը։ Ասոր համար քաջալերեց պատասխանատու քաղաքական անձնաւորութիւնները որ շարունակեն ընթանալ այդ ճանապարհէն եւ ծաւալեն անոր ամբողջ կարողականութիւնը, համապատասխան իրենց բարձր ծառայութեան, որուն կոչուած են՝ ընդգրկելու եւ նեցուկ կանգնելու համար իրենց ժողովուրդներու խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան ։

Խօսքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր այցելութեան օրերը վստահեցաւ Քոպրէի Սիրոյ Սուրբ Կոյսի բարեխօսութեան եւ Քուպացի միւս սուրբերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.