2015-09-19 10:06:00

Սպիտակ Տունը պատրաստ է Մոսկուայի հետ բանակցութիւններու սկսելու Սուրիոյ խնդիրին շուրջ


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտարարած է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը պատրաստ է Ռուսիոյ հետ «մարտավարական, գործնական քննարկումներու» սկսելու Սուրիոյ մէջ գործողութիւններու եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար:

Քրեմլին երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ պատրաստ է Սուրիա ուժեր ուղարկելու հարցը ուսումնասիրելու, եթէ Դամասկոս այդպիսի պահանջ մը ներկայացնէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կարծիքով, Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ հետ զինուորական հարցով բանակցութիւնը կարեւոր յաջորդ քայլ մըն է: «Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ շուրջ մօտ օրէն բանակցութիւններ կատարելու կը սպասենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայութեան Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծում մը կարելի չէ»:

Միւս կողմէ, Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը իր ռուս պաշտօնակիցին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ¬ի պարտութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման երաշխաւորումը պէտք է նոյն ատեն իրականացնել: Անոնք նաեւ քննարկած են Սուրիոյ մէջ բախումէ մը զգուշանալու հարցը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Ուաշինկթընի հետ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւնները քննարկումի դրուած հարցերուն մեծամասնութեան շուրջ հասարակաց ենթահող մը ի յայտ բերած են:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.