2015-09-19 10:18:00

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քուպա եւ ԱՄՆ առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 19 սեպտեմբեր 2015-ի, առաւօտեան ժամը 10.15 անց, սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 10-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը` դէպի Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ­, ուր Նորին Սրբութիւնը պիտի եզրափակէ Ընտանիքի համաշխարհային ութերորդ հաւաքը, որուն բնաբանն է ''Սէրն է մեր առաքելութիւնը, ընտանիքը լիութեամբ կենդանի''։

Այս առաքելական 10-րդ ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան ամենաերկար ճամբորդութիւնը որ պիտի տեւէ ընդամէնը 9 օր` որուն երեքը յատկացուած Քուպայի իսկ միւս 6-ն յատկացուած Միացեալ Նահանգներու, ուր Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ նաեւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին, հաստատութեան հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով։ ՄԱԿ-ը հիմնուած է Համաշխարհային Բ պատերազմի աւարտին `24 հոկտեմբեր 1945-ին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կ՛ընկերանան բացի Վատիկանեան պատուիրակութենէն, միջազգային հաղորդամիջոցները ներկայացնող 75 լրագրողներ։

Շաբաթ` 19 սեպտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով Տոմուս Սանթա Մարթայի նստավայրէն, ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որ վատիկանէն 28 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, ուր զինք դիմաւորեց ու բարի ճանապարհ մաղթեց շրջանի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ճինօ Ռէալի, ընկերակցութեամբ այլ քաղաքական եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններու։

Քահանայապետական Ալիթալիա օդանաւային ընկերութեան պատկանող սաւառնակը թռիչք առաւ 10.15-ին անց, ուղղուելով դէպի առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուան Քուպայի մայրաքաղաք Լա Հապանա ուր կը  ժամանէ տեղական ժամով 16-ին (Հռոմի ժամով 22.00-ին)։

Թռիչքը կը տեւէ 11 ժամ 45 վայրկեան որուն ընթացքին Քահանայապետական օդանաւը կը սաւառնի 6 երկիրներու օդային տարածքին վրայ. Իտալիա, Ֆրանսա, Սպանիա­ Փորթուկալ, Պահամասի կղզիներ ապա Քուպա։ Աւանդութեան համաձայն Սրբազան Պապը վերոյիշեալ երկիրներու նախագահներուն կ՛ուղղէ հեռագիրներ որուն մէջ բնակչութեան ու երկրի ղեկաւարներուն կը փոխանցէ իր բարի մաղթութիւններն ու օրհնութիւնը։

Լա Հապանայի օդակայան ժամանելուն` Ֆրանչիսկոս Պապը կը դիմաւորեն, ներկայութեամբ եկեղեցական ու պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն, Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասէրօ եւ Լա Հապանայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ժէյմ Լուքաս Օրթեկա Էլ Ալամինօ, ապա երկու մանուկներ ծաղկեփունջ մը կը նուիրեն Սրբազան Հօր հուսկ տեղի կ՛ունենայ պահակախումբի զինուորական պատուոյ ընդունելութիւն, որմէ ետք Երկրին նախագահը` բարի գալուստի ողջոյնի խօսքը կ՛ուղղէ պատուաւոր հիւրին ու ապա խօսք կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Բարի գալուստի արարողութեան ընթացքի տեղի կ՛ունենայ նաեւ պատուիրակութիւններու ներկայացում։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Պապը Քահանայապետական ''բացօթեայ'' սպիտակ ինքնաշարժով կ ՛ուղղուի դէպի Լա Հապանայի Առաքելական Նուիրակութիւն ուր եւ կը գիշերէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.