2015-09-19 09:34:00

Գերապայծառ Աուզա. ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ՄԱԿ-ին մէջ մեծ հետք պիտի թողու''։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Գերապայծառ Աուզա արտայայտուելով Ֆրանչիսկոս Պապին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին  կատարելիք այցելութեան յայտնեց թէ այդ պիտի ըլլայ ‘’Պատմական այցելութիւն մը որ խոր հետք մը պիտի թողու’’։

Այս շաբաթուան ընթացքին ՄԱԿ-ին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի 70-րդ ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին պիտի պատրաստուի ՄԱԿ-ի յառաջիկայ 15 տարիներու աշխատանքի յայտագրերը։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չորրորդ Պապն է որ խօսք պիտի առնէ ՄԱԿ-ի մէջ­, բազմաթիւ նախագահներու, վարչապետներու եւ ՄԱԿի անդամ 193 երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ 

Նորին Սրբութիւնը պիտի խօսի ընտանիքի մասին, փաստաբանը պիտի հանդիսանայ աղքատին ու վշտահարին, պաշտպանը արարչագործութեան։

Յայտնենք որ ''Laudato si’'' բնապահպանութեան  մասին շրջաբերական թուղթը մեծ արձագանք գտաւ միջազգային գետնի վրայ։ Անիկա եղաւ վաւերաթուղթ մը ընկերային արդարութեան մասին։ Վստահաբար Սրբազան Քահանայապետը պիտի շօշափէ միջազգային ահաբեկչութեան հարցը, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ այն բազմաթիւ պատերազմներուն որ ներկայիս կը կատարուին աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ եւ որուն հետեւանքով բիւրաւորներ մարդիկ այլ երկիրներու մէջ  ապաստան կը փնտռեն։

''Վստահ եմ որ Սրբազան Հօր անցքը մեծ տպաւորութիւն պիտի թողու ներկաներուն վրայ, յատկապէս երբ ան խօսի միջազգային ապահովութեան նիւթին մասին։  Յատկապէս երբ կը մտաբերենք Սուրիա, Իրաքը, բոլոր այն զանգուածքը որ շարժումի մէջ է անպիտան ու վտանգաւոր ծովերու մէջ''- ըսաւ գերապայծառ Աուզա։








All the contents on this site are copyrighted ©.