2015-09-18 09:32:00

ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական ճամբորդութեան յատկանշական հանգրուանները


(Ռատիօ Վատիկան) Ս.Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի մամուլին ներկայացնելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, 19  - 28 սեպտեմբերին կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը` Քուպա, Միացեալ նահանգներ ու ՄԱԿ-ի կեդրոնին, զայն որակեց ''Ճամբորդութիւն մը երկար, բարդ եւ միաժամանակ շատ գեղեցիկ''։

Սրբազան Քահանայապետի սոյն ճամբորդութիւնը ունի երկու հանգրուան` առաջինը Քուպա 19 -22 սեպտեմբեր, իսկ երկրորդը` Միացեալ Նահանգներ 22 – 28 սեպտեմբեր, որուն ընթացքին Քահանայապետը պիտի այցելէ նաեւ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնական կառոյցը։

Խօսելով Քուպայի ճամբորդութեան մասին, հայր Լոմպարտին վերակոչեց ՅՊԲ եւ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետերու այդ երկրին կատարած այցելութիւնները ապա յայտնեց թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ իր նախորդներուն նման բացօթեայ   Պատարագ պիտի մատուցէ Հաւանայի Յեղափոխութեան հրապարակին վրայ, որուն  ընթացքին ‘'առաջին հաղորդութիւն'' պիտի տայ 5 պատանիներու, ի նշան  յոյսի ու Քուպայի եկեղեցւոյ վերակենդանացումին ու աճումին։ Իր կեցութեան ընթացքին հաւանական է որ  Սրբազան Պապը տեսակցութիւն ունենայ նաեւ ֆիտել Քասթրոյի հետ։

Քուպայէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը կը տեղափոխուի Ուաշինկթոն, ուր  խորաններու պատւոյն պիտի բարձրացնէ երանելի ''Junipero Serra''ն, սպանացի քահանան` որ եղած է մեծ աւետարանիչը ամերիկեան ցամաքամասին, 18-րդ դարուն ընթացքին։

Յաջորդ օրը Քահանայապետը պիտի այցելէ  ԱՄՆի Ազգային ժողովը խօսք մը ուղղելով քոնկրեսականներուն։

ԱՄՆ կեցութեան ընթացքին, Քահանայապետը պիտի այցելէ ՄԱԿի կեդրոնատեղիին, հաստատութեան հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ,­ ուր կը սպասուի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կարեւոր ճառը ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին։

Այլ յատկանշական հանգրուան կը հանդիսանայ նաեւ Ֆիլատելֆիայի  Բանտի կալանաւորներուն այցելութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետի ճամբորդութեան կեդրոնական հանգրուանը կը հանդիսանայ ապա ֆիլատելֆիա քաղաքը, ուր 22 – 27 սեպտեմբեր  տեղի կ՛ունենայ  ''Ընտանիքի համաշխարհային 8-րդ հաւաքը'' զոր պիտի եզրափակուի Ֆրանչիակոս Քահանայապետի մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։

Յայտնենք որ Քուպայի ու ԱՄՆի այցելութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի արտասանէ 26 ճառեր, 8-ն Քուպայի մէջ եւ 18-ն ԱՄՆի մէջ։ Ճառերը մեծամասնութեամբ պիտի արտասանուին սպաներէն լեզուով։








All the contents on this site are copyrighted ©.