2015-09-18 10:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Քուպայի ժողովուրդին յղեց պատկերասփռուած պատգամ մը


(Ռատիօ Վատիկան) Քուապա կատարելիք ճամբորդութեան նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Ուրբաթ, 18 սեպտեմբերի առաւօտեան , պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Քուպայի հաւատացեալներուն։

Պատգամին մէջ նորին Սրբութիւնը յայտնեց՝ թէ ինքզինք շատ լաւ կը զգայ երբ կը մտաբերէ Քուպայի ժողովուրդը՝ Տիրոջ հանդէպ ունեցած հաւատարմութեան, քաջութեան  առօրեայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար։ ՝՝Յիսուս ձեզ շատ կը սիրէ՝՝, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով ՝՝Ան լրջօրէն ձեզ կը սիրէ, եւ ձեզ կը կրէ իր սրտին մէջ, Յիսուս քաջ գիտէ՝ ոեւէ անձէ աւելի, իւրաքանչիւրին կարիքն ու ձգտումը, ոեւէ անձի խորին ցանկութիւնը, եւ թէ ինչպիսի վիճակի մէջ կը գտնուի ձեր սիրտը։ Երբ որ լաւ վերաբերմունք չենք ունենար, Ան միշտ մեզի կը սպասէ, պատրաստակամ է մեզ ընկալելու եւ մխիթարելու եւ շնորհելու նոր յոյս, կարելիութիւն՝ նոր կեանք սկսելու, որովհետեւ Յիսուս երբեք ձեզ չի թողուր։

Պատկերասփռուած պատգամի աւարտին Ֆրանիչսկոս Պապ յայտնեց ՝՝Քուպա կու գամ որպէս Ողորմութեան Առաքեալ  եւ որպէս Աստուծոյ քնքշութիւն, ձեզ քաջալերելու՝ Աստուծոյ անսահման սիրոյ առաքեալներ ըլլալու։ Թող բոլոր աշխարհը իմանայ, որ Աստուած միշտ ներողամիտ է, որ Աստուած միշտ մեզի մօտիկ է եւ մեզ կը սիրէ։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը,  Քուպայի առաքելական ճամբորդութիւնն ու Քուպայի բոլոր ժողովուրդը յանձնած է Քուպայի պաշտպան սրբուհի՝ Քոպրէի Սիրոյ Տիրամօր հովանիին, յայտնելով թէ­, Տիրամօր Սրբավայրը պիտի երթայ, որպէս մանուկ մը որ կը ցանկայ տուն վերադառնալ՝ իր մօր Մօտ գտնուելու համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.