2015-09-18 09:26:00

Պելկիայի եպիսկոպոսներու զօրակցութեան առաքելութիւնը Իրաք։


(Ռատիօ Վատիկան) Պելկացի երեք եպիսկոպոսներ, մեկնած են հիւսիսային Իրաք 17-21 սեպտեմբեր, զօրակցութեան առաքելութեամբ։ Անոնք հիւրն են Էրպիլի Քաղդէացի եկեղեցւոյ։ Իրենց կեցութեան ընթացքին մտադիր են հանդիպում ունենալ բիւրաւոր գաղթականներուն հետ։

''Մենք ի վիճակի չենք իրենց բախտին թողուլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները'' յայտարարած են Պելկիայի երեք եպիսկոպոսները հաստատելով թէ ''Քրիստոնէութեան արշալոյսին քրիստոնեաները Միջին Արեւելք հաստատուած են''։

Անոնք ապա մամուլին յայտնած են. ''Իրաք կը գտնուինք Քաղդէացի պատրիարքութեան հրաւէրով։ Իրաք եկած ենք մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.