2015-09-18 09:14:00

Կարդինալ Փարոլինի ելոյթը ֆրանչիսկոս Պպաին Քուպա եւ ԱՄՆ այցելութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին­,  ելոյթ ունեցաւ վատիկանեան հեռուստատեսիլի կայանին հետ որուն ընթացքին յայտնեց թէ ''Ամերիկեան մամուլը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ամերիկա այցելութենէն շատ բան կ՛ակնկալէ'' ան ապա ընդգծեց ''իմ համոզումը այն է որ Քահանայապետը պիտի խօսի կլիմայի յեղաշրջումի, աղքատութեան եւ գաղթականութեան նիւթերու մասին։ Մոռնալու չենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առաջին անգամուան համար ոտք պիտի դնէ ամերիկեան հողին վրայ։ Ան ԱՄՆ կ՛երթայ աւելի սորվելու` քան քարոզելու։ Միացեալ Նահանգները կերպով մը կեդրոնն են  աշխարհի տնտեսութեան ու քաղաքականութեան։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս պիտի խօսի գաղթականութեան հրատապ նիւթին մասին, նոյնպէս եւ  տնտեսութեան ու ընտանիքին մասին։ ԱՄՆԻ մէջ արտասանելիք իր 18 ճառերուն մէջ, Քահանայապետը շեշտը պիտի դնէ գաղթականին ի խնդիր բացուելու ու նուիրուելու հարկաւորութեան վրայ ինչպէս նաեւ օգնութեան հասնելու ընչազուրկներուն ու աղքատներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.