2015-09-17 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Մէկ Սիրտ'' բարեգործական մարմնի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 17 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիկսպս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց երիտասարդ ''Անձինք Նուիրեալք'' միջազգային համաժողովին հինգ հազար մասնակիցներուն ապա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լուսսեմպուրկի Վարչապետ` Նորին Վսեմութիւն Տիար Քզավիէ Պեթթել ու անոր ընկերացող շքախումբը։

Ժամը 11-ին Ֆրնաչիսկոս Պապ` Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ''փողոցներու հովութեան'' հայող միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն, մինչ ժամը 11,45-ին Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Քոր Ունում Քահանայապետական Մէկ Սիրտ կոչուած բարեգործական հաստատութեան կազմակերպած հաւաքի մասնակիցներուն հետ ու այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր խօսքին մէջ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, երախտապարտ ըլլալով անոնց տածած աշխատանքին ի սպաս Սուրիոյ եւ Իրաքի եւ սահմանակից երկիրներու մէջ­ տագնապի հետեւանքներէն տառապող զոհերուն։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա ընդհարումներէ յառաջացած սարսափելի հեւանքներուն ըլլայ քաղաքացիական  բնակչութեան ըլլայ մշակութային ժառանգութեան վրայ։

Միլիոնաւոր անձինք, թողած ու հեռացած են իրենց հօրենական հողերէն։ Լիբանանը, Յորդանանը եւ Թուրքիան իրենց ուսերուն վրայ առած են բեռը միլիոնաւոր գաղթականներուն։

Ի տես միշտ աւելիով ընդլայնուած  այս երեւոյթին որ մտահոգիչ կերպով կը խաթարէ տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւնը, միջազգային հասարակութիւնը անկարող կը թուի պատշաճ պատասխաններ տալու, մինչ զէնքի վաճառականները կը շարունակեն իրենց շահերը փնտռել - ըսաւ Սրբազան Պապը ու շեշտեց  ''Այսօր աւելի քան երբեք այդ վայրագ բռնութիւններուն ակնատէս են բոլորը։ Ոչ մէկը կրնայ ըսել թէ չէր գիտեր։ Ամէնքն ալ գիտակից են որ այս պատերազմին բեռը միշտ աւելիով կը ծանրանայ անմեղ ժողովուրդին վրայ։ Հարկ է լուծումի յանգիլ, որ պէտք չէ բռնութեամբ իրագործուի, որովհետեւ բռնութիւնը միայն նոր վէրքեր կը յարուցէ – ըսաւ Քահանայապտետը, ու յորդորեց  ''Այս տառապանքի ովկիանոսին մէջ, յատուկ ուշադրութիւն մատուցել տկարներուն եւ անպաշտպաններուն­, նիւթական եւ հոգեկան կարիքներուն, որոնց շարքին ընտանիքները, ծերունիները, հիւանդներն ու մանուկները եւ երիտասարդները` որոնք ապագայի յոյսն են եւ որոնք զրկուած են իրենց հիմնական իրաւունքներէն։

Հակամարտութիւններու զոհերը բազմաթիւ են։ Բոլորին կը մտածեմ ու կ՛աղօթեմ անոնց համար - յարեց ապա Սրբազան Պապը, աւելցնելով -  Սակայն չեմ կրնար լուռ մնալ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն կրած վնասներուն ի տես, ուր բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր, հալածուած են իրենց հաւատքին համար, վտարուած իրենց հողերէն, բանտարկուած եւ սպաննուած։ Քրիստոնեայ եւ Մահմետական հասարակութիւնները դարերով ամբողջ միատեղ ապրեցան այդ հողերուն վրայ, փոխադարձ յարգանքով։ Այսօր նոյնինք քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու գոյատեւման  օրինականութիւնն է որ կը ժխտուի յանուն ''բռնաբար ծայրայեղութեան մը որ կրօնական ծագումի կը դիմէ''։ Եւ այս ու այլ կրած բռնութիւններուն եւ հալածանքներուն դիմաց Եկեղեցւոյ պատասխանն է քաջութեամբ վկայել Քրիստոսը, խոնարհ ու ջերմեռանդ ներկայութեամբ, անկեղծ երկխօսութեամբ ու վեհանձն ծառայութեամբ` ի սպաս բոլոր տառապողներուն ու կարիքաւորներուն անխտիր.

Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ չարը կը կործանէ կառոյցները ու յատկապէս Մարդու խիղճը. Յիսուսի անունով, որ աշխարհ եկաւ մարդկութեան վէրքերը բուժելու համար, Եկեղեցին կանչուած է պատասխանելու չարին` բարութեամբ, խթանելով մարդկային ամբողջական զարգացումը եւ հոգալով իւրաքանչիւր մարդու եւ մարդուն ամբողջականութեան։ Այս դժուար կոչումին համապատասխանելու համար հարկաւոր է որ կաթողիկէները ամրապնդեն միջ-եկեղեցական համագործակցութիւնն ու կապերը որ զիրենք կը միացնեն միւս քրիստոնեայ հասարակութիւններուն,  միջազգային բարեգործական հաստատութիւններուն հետ ամրապնդելով իրենց համագործակցութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ­, քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց գործընթացին մէջ ու իրենց բախտին չլքելու ճգնաժամային պահեր ապրող զոհերը, նոյնիսկ եթէ աշխարհը ուշադիր չէ անոնց։

Ամէնքէն  կը  խնդրեմ որ ձեր հետ տանիք մօտիկութեան եւ զօրակցութեան խոր պատգամ մը, բոլոր անոնց որոնք թիրախ են այս աղէտներուն. Ձեզ հետ ու ձեր հասարակութիւններուն հետ հաղորդութեան մէջ,   անդադար կ՛աղօթեմ խաղաղութեան համար, ու ձեր այդ սիրելի երկիրներուն մէջ անարդարութիւններուն ու չարչարանքներուն վերացումին համար։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.