2015-09-17 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը երիտասարդ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ բազմահազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ, որոնք նուիրուած են կրօնաւորական կեանքի։

Նախ իր խօսքին մէջ ողջունեց Իրաքէն եւ Սուրիայէն եկող անհատները եւ յիշեցուց հաւատքի համար նահատակուածներու վկայութիւնը։

Ներկաներու կողմէ հարցեր տրուեցան Սրբազան Պապին իր կրօնաւորական եւ քահանայական կոչումի, կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներու առաքելութեան եւ աւետարանման գործունէութեան, եւ կրօնաւորական կեանքի եւ ուխտերու հաւատարմութեան մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատասխանին մէջ նկատեց, որ բոլոր հարցերն ալ ունին լուրջ նկարագիր։ Շեշտեց մարդու ազատութեան վրայ, նշելով, որ ճշմարիտ ազատութիւնը կու գայ Սուրբ Հոգիէն։ Այս ազատութեան մէջ կը զարգանայ կրօնաւորական կեանքը, որ կը մնայ պրկուած եւ ամուլ՝ եթէ չըլլայ մարգարէաշունչ։ Իբր օրինակ յիշեց Սրբուհի Թերեզա Աւիլացին, որ ունենալով հանդերձ խիստ ներանձնական կեանք՝ սակայն եւ այնպէս հիմնադրած է բազմաթիւ վանքեր եւ ունեցած է բեղուն վարչական գործունէութիւն։

Սրբազան Հայրը աննկատ չթողուց ներկայ ժամանակի մարտահրաւէրները եւ անոնց պատճառած դժուարութիւններդ առաքելական գործունէութիւններու մէջ։ Զգուշացուց մարդորսութենէ, որովհետեւ աւետարանումը միայն համոզել չէ, այլ վկայութիւն տալ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս յարուցեալ է եւ կենդանի։ Կարեւոր նկատեց, կրօնաւորական կեանքի մէջ միշտ պահել յիշատակը այն պահուն, ուր Յիսուս մեզի կոչումը տուած է։ Եւ վերջապէս յորդորեց խուսափիլ ինքնասիրութենէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.