2015-09-16 11:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը ''Ընտանիքը. Ազգերը''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 16 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-ին­, աւանդութեան համաձայն ,Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները Քահանայապետը յայտնեց թէ այսօրուան մտածականը կ՛եզրափակէ ''Ամուսնութեան ու Ընտանիքի'' մասին խորհրդածութիւններու շարքը, երկու գեղեցիկ ու կարեւոր իրադարձութիւններու նախօրեակին, որոնք անմիջական կերպով կապ ունին այս նիւթին հետ. Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքը Ֆիլատելֆիայի մէջ եւ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը Հռոմի մէջ։ Երկուքն ալ ունին համաշխարհային բնոյթ որ կը համապատասխանէ քրիստոնէութեան տիեզերականութեան ծաւալին ու նաեւ համընդհանուր բնոյթ ունեցող` հիմնական ու անփոխարինելի այդ մարդկային հասարակութեան որ է Ընտանիքը։

Աստուած մարդու ու կնոջ վստահեցաւ ծրագիրը` երկիրը բնակելի դարձնելու։ Եւ աղս ծրագիրին հիմքը կը կազմէ ընտանիքը։ Այն ինչ որ կը պատահի անոնց միջեւ, իր հետքը կը թողու ամէն բանի վրայ։

Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը փիլիսոփայական տեսութիւն մը չէ, այլ կեանքի ու հաւատքի տիեզերական հորիզոն, որուն հիմնական ծրագիրն է փրկագործութիւնը։

Հակառակ սկզբնական մեղքին մենք անիծուած չենք ու ոչ ալ լքուած մեր բախտին։ Եւ Աստուծոյ ողորմած պաշտպանութիւնը, այս Աստուածային քնքշութիւնը կը մարմնանայ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծոյ Որդին, որ կը ծնի կնոջմէ։

Նոր ուխտ մը մարդու եւ կնոջ միջեւ  ազատագրելու համար ազգերը դրամի գաղթարարութենէն ու նոր ուղղութիւն տալու քաղաքականութեան, տնտեսութեան, վերագտնելու համար ընկերային իսկական համակեցութիւնը։

Աստուծոյ` մարդուն ըրած խոստումը, կը ներառէ բոլոր մարդկային էակները։ Երկրի ազգերու բոլոր ընտանիքները կանչուած են  ճանչնալու Աստուծոյ օրհնութիւնը ու հետեւելու անոր ուղեւորութեան։ Ու բոլոր անոնք որ այս տեսութեամբ կը հրապուրուին, որեւէ ազգի, ժողովուրդի եւ կրօնի որ պատկանին, կը դառնան մեր եղբայրներն ու քոյրերը, աշխարհի մը մէջ որ ծնունդ առաւ ընտանիքէն, մարդու եւ կնոջ միջեւ միութենէն։ Աստուած օրհնէ ձեզ, աշխարհի բոլոր ընտանիքներ։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.