2015-09-16 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Եւրոպայի Միութեան անդամ երկիրներու Բնապահպանութեան նախարարներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ խօսք ուղղեց Եւրոպայի Միութեան անդամ երկիրներու  Բնապահպանութեան նախարարներուն։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը նշեց, որ յիշեալ նախարարութիւններու պարտականութիւնը, վերջին տարիներուն, միշտ աւելի մեծ կարեւորութիւն վայելած է։ Կենսոլորտը հաւաքական բարիք մըն է, ամբողջ մարդկութեան ստացուածքը, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնը։ Պարտականութիւն մը, որ չէ կարելի շրջանցել եւ կը պահանջէ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն՝  միջազգային ամբողջ հասարակութեան մէջ։

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրեն՝ այս հանդիպման առիթը ընծայուած է՝ փոխանակելու խորհրդածութիւններ, յատկապէս Փարիզի մէջ ամսոյս վերջը կայանալիք ժողովի հեռանկարով։

Ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ խորացաւ երեք կէտերու վրայ։

Առաջինը՝ զօրակցութեան սկզբունքը՝ ստէպ մոռցուած իրականութիւնը մը, եւ կամ երբեմն՝ ամուլ կերպով չարաշահուած։ Ծանօթ է մեզի, որ կենսոլորտի վատթարացումին թիրախ են աղքատները, որոնք իրենց վրայ կը կրեն ամենէն ծանր հետեւանքները։ Զօրակցութիւն կը նշանակէ ի գործ դնել արդիւնաւէտ միջոցներ, կարող՝ միացնելու կենսոլորտի վատթարացման դէմ պայքարը՝ աղքատութեան դէմ պայքարի հետ։ Այսպիսի նախաձեռնութեան մը բազմաթիւ դրական փորձառութիւններ ունինք։ Զոր օրինակ՝ յարմար ճարտարարուեստի զարգացումը եւ փոխանցումը, որ կարող ըլլայ աւելի լաւ օգտագործել մարդկային, բնական եւ ընկերա-տնտեսական հումքերու պաշարները, որոնք առաւելապէս տեղական մակարդակի վրայ մատչելի են, այնպիսի կերպով, որ ապահովուի անոնց կայունութիւնը նաեւ երկար ժամանակամիջոցի մէջ։

Երկրորդ՝ արդարութեան սկզբունքը։ Շրջաբերականիս մէջ խօսած եմ “բնութեան համոյթի պարտքի” մասին՝ յատկապէս հիւսիսի եւ հարաւի յարաբերութեան մէջ՝ առեւտրական անհամամասնութեան առընչութեամբ եւ բնատնտեսական մարզի վրայ, ինչպէս նաեւ բնական հումքերու պաշարներուն անհամեմատ օգտագործման նկատմամբ, որ պատմականօրէն կատարուած է որոշ երկիրներու կողմէ։ Պէտք է յարգենք այս պարտքը։ Վերջիններս, կոչուած են նպաստելու, հատուցանելու այս պարտքը՝ բարի օրինակ հանդիսանալով, վճռական կերպով սահմանափակելով անվերականգնելի ուժանիւթի սպառումը, հասցնելով հումքային պաշարները ամենէն կարիքաւոր երկիրներուն, խթանելու համար կայուն զարգացման քաղաքականութիւնները եւ ծրագիրները, որդեգրելով անտառներու, երթեւեկութեան, թափօններու եւ տնտեսութեան պատշաճ մատակարարումը, քաջալերելով նոր ապրելակերպ եւ կեցուածք։

Երրորդը՝ մասնակցութեան սկզբունքը, որ կը պահանջէ բոլոր խնդրոյ առարկայ մասերու գործակցութիւնը, ներառեալ անոնց մասնակցութիւնը, որոնք ստէպ որոշողական գործընթացներու մէջ կը մնան լուսանցքի վրայ։ Կ’ապրինք պատմական շատ հետաքրքրական րոպէ մը. մէկ կողմանէ՝ գիտութիւնները եւ ճարտարարուեստը մեր ձեռքերուն մէջ կը դնեն աննախընթաց իշխանութիւն մը, եւ միւս կողմանէ՝ այսպիսի իշխանութեան մը ուղիղ կիրարկումը կը նախատեսէ աւելի համապարփակ եւ համաբովանդակ տեսլականի մը որդեգրումը։ Այսինքն, կը պահանջէ բանալ դռները երկխօսութեան դիմաց. երկխօսութիւն մը, որ ներշնչուած ըլլայ համապարփակ բնատնտեսութեան մէջ խարսխուած տեսլականով մը, որ “Գովեալ ըլլաս” շրջաբերականի նիւթն է։ Մշակութային, հոգեւոր եւ կրթական մեծ մարտահրաւէր մըն է։ Զօրակցութիւն, արդարութիւն եւ մասնակցութիւն՝ ի յարգանս մեր արժանապատուութեան, ի յարգանս արարչութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.