2015-09-16 09:51:00

Ռուսիան օգնութեան հասնելով Սուրիոյ կը նպատակադրէ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ռուսիոյ նախագահը Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ ''Մենք սուրիական կառավարութեան կ՛աջակցինք եւ պիտի շարունակենք անոր զինուորական աջակցութիւն տրամադրել''` աւելցնելով. ''Եթէ Սուրիոյ չաջակցէինք, այդտեղ կացութիւնը Լիպիոյ կացութենէն աւելի վատ պիտի ըլլար'' եւ ''գաղթականներու թիւը պիտի կրկնապատկուէր''։

Դիւանագիտական դէտերու գնահատումով կարելի չէ նուաճել իսլամ պետութիւնը օդանաւային ռմբակոծումներով, հարկաւոր է գրաւել հողը ու տէր դառնալ անոր։ Հետեւաբար առանց սուրիական բանակի կարելի չէ նուաճել իսլամական պետութիւնը։ Այդ ուղղութեամբ սակայն ոչ մէկ քաղաքականութիւն կայ, եւ ցաւալին այն է որ արեւմուտքի ամէն մէկ պետութիւն առանձին նախաձեռնութեան կը դիմէ։

Մինչ այդ, Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտարարած է.''Ուաշինկթըն չի բացառեր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Պարաք Օպամա այս ամսուան վերջաւորութեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի լուսանցքին Սուրիոյ հարցին շուրջ անկեղծ քննարկումներ ունենան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.