2015-09-16 10:10:00

Հայաստանի մէջ մեկնարկեցին Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկները։


Սեպտեմբեր 15-ին Հայաստանի մէջ մեկնարկեցին Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած յոբելեանական ձեռնարկները:

Աշխարհի 4 ծայրերէն ժամանած ուխտաւորները այցելեցին  Եսայի Եաղուբեանի շիրիմ-յուշարձանը եւ ծաղիկներ տեղադրեցին մեծ հրամանատարի շիրիմին:

Տէր Մովսէս քահանայ Ղազարեան կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան` նշելով. «Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները մեկնարկած են Լիբանանի մէջ, եւ արդէն տեղի ունեցած է յիշատակի 18 արարողութիւն: Ուրախալի է, որ հայրենի իշխանութիւնները պետական մակարդակով տեւական ձեռնարկներով պիտի նշեն Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը: «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան ձեռնարները կու գան լրացնելու կառավարութեան ծրագիրը: Ուրախալի է նաեւ, որ Հայրենիքի մէջ հերոսամարտի ձեռնարկները սկսան Եսայի Եաղուբեանի շիրիմին այցելութեամբ: Մուսա լերան հերոսամարտին իր գործօն մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եաղուբեան 1947-ին ներգաղթեց հայրենիք եւ այստեղ ալ կնքեց իր մահկանացուն»:

Յիշատակի արարողութեան ներկայ էին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան, «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Գաբրիէլ Փանոսեան, հայրենակցական միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Պերճ Ղազարեան, ինչպէս նաեւ հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչներ ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, ԱՄԷ-էն, Լիբանանէն եւ Աւստրալիայէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.