2015-09-15 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Հիւանդի Համաշխարհային Օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յանձնուիլ ողորմած Յիսուսին` Մարիամի նման։ ''Ինչ որ հրամայէ ձեզի, կատարեցէք''։ Այս է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Հիւանդի 24-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ յղած պատգամին նիւթը, որ հրատարակուեցաւ այսօր` 15 սեպտեմբերն, ցաւագին Տիրամօր տօնին առթիւ։ 
Քահանայապետական պատգամը հիմնուած է Կանայի հարսանիքի դրուագին վրայ որ քահանայապետը որակած է ''Եկեղեցւոյ նախատիպար''։
Հիւանդին համաշխարհային օրուայ կեդրոնական նշումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11 փետրուար 2016-ին, Նազարէթի մէջ այնտեղ ուր Յիսուս սկիզբ տուաւ իր փրկագործ առաքելութեան։ 
Սրբազան Պապին պատգամը հիմնուած է`  ''Ինչ՞ու ինծի''¬,  հիւանդին ու յատկապէս ծանր հիւանդին, ուղղած այս հարցումին վրայ։ Հարցում մը որ կը թափանցէ խորերը, մարդկային գոյութիւնը մատնելով վհատութեան, թէեւ այդ պահերուն է որ ի յայտ կու գայ Աստուծոյ հաւատքի դրական զօրութիւնը կը գրէ Քահանայապետը բացայայտելով թէ  ''Հաւատքը հիւանդութիւնը կամ ցաւը չի փարատեր,  սակայն կ՛ընծայէ նոր տեսութեան մը բանալին, որուն միջոցաւ կարելի է հասկնալ ապրուած փորձառութեան խոր իմաստը''։ Բանալի մը որ մեզի կը յանձնէ Մարիամ Աստուածամայրը, Յիսուսի մօտենալու ''ուղեւորութեան մասնագէտը'', ''նախախնամող եւ աղօթող'', ''մխիթարուած Մայր որ իր զաւակները կը մխիթարէ'', ''խոհեմ կին'', ''հսկող ու բարի աչքերով'', ''ողորմութեամբ լի մայրական սրտով''։ Անոր մտահոգութեան մէջ կը ցոլայ Աստուծոյ քնքշութիւնը, այդ քնքշութիւնը որ կը գտնենք այն անձերուն մէջ որոնք հոգ կը տանին հիւանդներուն, որովհետեւ անոնք կը նային սիրոյ աչքերով – կը գրէ ապա Սրբազան Պապը – վերյիշելով մայրերը որոնք իրենց հիւանդ զաւակներու կողքին  կը գտնուին եւ զաւակները որոնք կը հոգան իրենց ծերունի ծնողներուն ու կամ թոռնիկները որոնք իրենց պապիկներուն կը հոգան։ Այս բոլորը կը վստահին Աստուածամօր, խնդրելով խաղաղութիւն ու կեանքի անդորրութիւն։
Քահանայապետական պատգամը ապա կ՛ակնարկէ Կանայի հարսանիքին մասնակցող ծառաներուն, անոնք որոնք տիկերը լեցուցին ջուրով, զոր Քրիստոս ապա գինիի վերածեց։ 
Անանուն անձնաւորութիւններ են, գրեց Սրբազան Պապը, որոնք մեզի շատ բան կը սորվեցնեն որովհետեւ ''վեհանձնութեամբ կը հնազանդին, ու կը կատարեն այն ինչ որ իրենց հրամայուած է, առանց դժգոհելու''։ Այս կը նշանակէ թէ Քրիստոս կը վստահի մարդու համագործակցութեան ու անոր ''հիւանդներու եւ կարիքաւորներու ի սպաս ծառայութեան'' վրայ։ ''Ուրիշներու ծառայ դառնալը մեզ կը նման կը դարձնէ Յիսուսին''։ Մենք ամէնքս կրնանք դառնալ ''ձեռքեր, բազուկներ ու սիրտեր'' որոնք կ՛օգնեն Աստուծոյ իրագործելու, յաճախ թաքնուած, իր հրաշքները, ու եթէ հետեւինք Մարիամի օրինակին ''Յիսուս մեր կեանքի ջուրը կը վերածէ արժէքաւոր գինիի''։ 
Իր պատգամին աւարտին Սրբազան Պապը մատնանշելով յառաջիկայ Ողորմութեան Սուրբ Տարւոյն եւ Հիւանդի Համաշխարհային օրուայ նշումին Սուրբ Երկրո մէջ, ու անցեալ մայիսին այդ հողամասին մէջ սրբադասուած երկու սրբուհիներուն` Սրբուհի Մարիա Ալֆոնսինա Տանիլ Ղաթթասի եւ Սրբուհի Խաչեալ Յիսուսի Մարիա Պուարտիի, կը հաստատէ թէ ''Ամէն հիւանդանոց եւ կամ խնամակալութեան տուն կրնայ ըլլալ յայտնի նշան ու վայր, զարգացնելու հանդիպումի եւ խաղաղութեան մշակոյթը'' ուր հիւանդութիւնը, տառապանքը, ինչպէս նաեւ եղբայրական եւ մասնագիտական օգնութիւնը կը ''սատարեն յաղթահարելու ամէն բաժանում ու սահման''։ 
Նորին Սրբութիւնը պատգամը կ՛եզրափակէ Մարիամի ուղղուած աղերսանքով որպէսզի Ան իր ողորմած աչքերը սեւեռէ մարդուն վրայ, նա մանաւանդ անոր ապրած ցաւալի պահերու ընթացքին։   

 








All the contents on this site are copyrighted ©.